Kornél Nagy2026-01-222026-01-222012Nagy, K., "Archbishop Vardan Hunanean's Two Unpublished Letters of 1687 to the Holy See on the Armenians in Transylvania", "Haigazian Armenological Review", 2012, Beirut, pp. 309-320https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/1086Թրանսիլվանիոյ հայոց եկեղեցական պատմութիւնը քիչ ուսումնասիրուած նիւթ է հայ եկեղեցական պատմագրութեան մէջ: Թրանսիլվանիոյ հայերը փախած էին Մոլտաւիայէն ու Լեհաստանէն՝ 1668-1672ին, իրենց առաջնորդ Մինաս Եպս. Թոխաթեցիի առաջնորդութեամբ, քանի որ հակադրուեր էին իշխան Կէորկէ Տուքայի հարկային օրէնքներուն: Գաղթական այս հայերը հաստատուեցան Թրանսիլվանիա, քանի որ քաջատեղեակ էին տեղի կրօնական հանդուրժողութենէն: Սակայն, Հռոմի Ուրպանեան Ուսումնարանի շրջանաւարտ Օքսենտիոս Վիրզիրեսքօն, որ միսիոնարական գործ կ կատարէր Թրանսիլվանիոյ ոչ-կաթոլիկ հայոց մէջ 1685էն ի վեր, եւ օգնականն էր Լեմպերկի դաւանափոխ առաջնորդ Նիկոլ Թորոսիչի, ջանաց համոզել Մինաս եպիսկոպոսը որ կաթոլիկ դաւանանք ընդունի: Թէեւ Վիրզիրեսքօ չյաջողեցաւ տարհամոզել զինք, բայց կրցաւ անոր ընկերակցութեամբ մեկնիլ Լեմպերկ՝ հանդիպելու Կարտինալ Օփիզիօ Փալլաւիչինիի, որ Լեմպերկի Հայոց Առաջնորդ Արքեպիսկոպոսն էր: Իսկ Թրանսիլվանիոյ հայերը ենթակայ էին Լեմպերկի առաջնորդարանին, որ Նիկոլ Թորոսիչ եպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ ընդունած էր կաթոլիկ դաւանանքը, թէեւ Թրանսիլվանիոյ հայերը հակադրուած կը մնային կաթոլիկութեան: Հանդիպումէն ետք Մինաս եպիկոպոս Թրանսիլվանիա վերադարձի ճամբուն վրայ վախճանեցաւ: Յօդուածին մէջ, Նատի կը ներկայացնէ երկու փաստաթուղթեր, որոնցմով կասկածի տակ կ'առնէ Վիրզիրեսքոյի հաւաստիքը, թէ Մինաս եպիսկոպոս Թոխաթեցի ընդունած է կաթոլիկ դաւանանքը: Նատի կը պատճառաբանէ, որ Վիրզիրեսքօ կը ճգնէր դաւանափոխ ընել Թրանսիլվանիոյ հայերը՝ իբրեւ միսիոնար: Եւ քանի որ Թոխաթեցի վախճանած էր առանց այդ մասին որեւէ խօսք ըսելու իր հօտին, ապա Նատի կ'առարկէ որ Վիրզիրեսքօ անճիշդ տեղեկութիւն տարածած է այդ մասին, որ մինչեւ այսօր իբրեւ ճշմարտութիւն ընդունած է պատմագրութեան մէջ: Նատի քննարկելով վերոյիշեալ փաստաթուղթերը կ'առարկէ որ անոնք չեն խօսիր Մինաս եպիսկոպոս Թոխաթեցիի դաւանափոխութեան մասին, հակառակ որ Հռոմ ուղղուած տեղեկագրեր էին անոնք: Ուստի, Նատի կը հետեւցնէ որ դաւանափոխութեան լուրը յերիւրանք մըն էր Վիրզիրեսքոյի կողմէ:Archbishop Vardan Hunanean's Two Unpublished Letters of 1687 to the Holy See on the Armenians in Transylvania