Vladimir Osipov2026-01-212026-01-212012Osipov, V., "Gender Equality in Armenia: A Perceived Need or Imposed Conditionality?", "Haigazian Armenological Review", 2012, Beirut, pp. 209-227https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/1081Հեղինակը մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սեռերու հաւասարութեան վիճակին համապատկերը: Խորհրդային Միութեան փլուզումով, ձեռնհաս քաղաքացիական հասարակութեան մը բացակայութիւնը յատկանշականօրէն տկարացուց դէպի ժողովրդավարութիւն անցումի գործընթացը: Աւելին. ձեռնհաս քաղաքացիական հասարակութեան մը բացակայութիւնը պատճառ դարձաւ խեղաթիւրումներու, դուռ բացաւ հայրիշխանական կարծրատիպ մտայնութեանց եւ կիրարկումներու վերայայտնումին: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սեռերու հաւասարութեան հարցերու գիտական արծարծումը սկսաւ հայրիշխանական կենսաձեւերու առաւել խրամատաւորումին լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ՝ ի տես տնտեսական, քաղաքական եւ հանրային մարզերուն մէջ սեռերու անհաւասարութեան աճումին: Այս ծիրին մէջ, հեղինակը կ'անդրադառնայ 1990ականներուն ՄԱԿի գումարած բազմաթիւ միջազգային գիտաժողովներու եւ հանրաժողովներու, որոնցմով հանրային լայն ուշադրութեան արժանացան սեռերու հաւասարութեան շատ հարցեր: 1990ականներուն, Հայաստանի եւ յետ-խորհրդային երկիրներու համար էականօրէն կարեւոր էր պարզել աշխարհին, թէ իրենք կը հետեւին «եւրոպական» արժէքներու, որոնց կարգին՝ մարդկային իրաւանց յարգում, խտրականութեան վերացում եւ հաւասար պատեհութեանց միջոցներ: Այս սկզբունքներուն հանդէպ յանձնառութիւնը նախապայման էր միջազգային եւ շրջանային կազմակերպութիւններու անդամակցութեան: Հետեւաբար, զարմանալի չէր որ լուրջ բարեկարգումներ ընթացք ստացան եւ տեղական իրաւական համակարգերը ներդաշնակուեցան միջազգային օրէնքին: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հազարամեակի դարձը յատկանշուեցաւ սեռերու հաւասարութեան հանդէպ հանրային ըմբռնումներու եւ կեցուածքներու նոր շրջանի մը սկիզբով: Հազարամեակի Զարգացման Նպատակները, Փեքինի Վերատեսութեան Գործընթացը, մարդկային իրաւանց միջազգային փաստաթուղթերու տեղեկագրումը եւ Եւրոպայի Խորհուրդին անդամակցութիւնը հանդիսացան փոփոխութեան գլխաւոր գործօնները: Բազմաթիւ միջոցառումներ եւ կարեւոր քայլեր պէտք էր առնուէին՝ յանձնառութիւնները յարգելու համար: Սակայն, ինչպէս հեղինակը կը մատնանշէ, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնն ու խորհրդարանը դեռեւս պէտք է իրենց լրիւ կշիռը ներդնեն որպէսզի վերոյիշեալ յանձնառութիւնները գործադրուին: Կանխահաս է յաւակնիլ թէ սեռերու հաւասարութիւնը թիւ մէկ առաջնահերթութիւնն է Հայաստանի կառավարութեան, մասնաւորաբար՝ խորհրդարանին: Թէեւ որոշակի քաղաքականութիւն մը որդեգրուած է, սակայն՝ կիրարկումը լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւէ: Այդ խնդիրները կարելի է ազդու կերպով լուծել միայն երբ հաստատուի սեռերու հաւասարութեան համապետական մեքանիզմ մը, որ պիտի ապահովէ այս ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն շատ անհրաժեշտ ու տակաւին բացակայող համադրութիւնը: Իբրեւ եզրակացութիւն, Օսիփով կ'առանձնացնէ երեք մղիչ գործօններ, որոնք խթան կրնան հանդիսանալ կառավարութեան, խորհրդարանին եւ քաղաքական ու հասարակական քաղաքացիութեան գլխաւոր դերակատարներուն կողմէ յայտարարուած սեռային հաւասարութիւնը իրականութիւն դարձնելու յանձնառութեան: Այդ գործօններն են.- ա) քաղաքական կամք, բ) սեռերու ժողովրդավարական մշակոյթ, գ) ձեռնհաս քաղաքացիական համակարգ: Ասոնք, սակայն, պայմանաւորուած են ժողովրդավարացման եւ ազատականացման գործընթացներով: Հեղինակը կը հաւաստէ որ իրապաշտօրէն կարելի չէ ակնկալել որ սեռերու հաւասարութիւնը իրագործուի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ներկայ քաղաքական եւ տնտեսական սահմանափակումներուն մէջ:Gender Equality in Armenia: A Perceived Need or Imposed Conditionality?