Vahram L. Shemmassian2026-01-052026-01-052011Shemmassian L., V., "The Experience of Musa Dagh Armenian Immigrants in the United States During the 1910s-1940s", "Haigazian Armenological Review", 2011, Beirut, pp. 195-226https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/1049Յօդուածը կ'ուսումնասիրէ Մուսա Լերան հայ պանդուխտ-գաղթականներու կեանքը՝ Մ. Նահանգներու մէջ, Ի. դարու առաջին կիսուն: Ան հիմնուած է ցարդ գրեթէ չօգտագործուած սկզբնաղբիւրներու վրայ, ներառեալ՝ արխիւներ, թերթեր, յուշեր, անձնական հարցազրոյցներ, նամակագրութիւններ, անձնական փաստաթուղթեր, կայքէջային տեղեկատուութիւններ, եւն.: Մուսա Լերան Մ. Նահանգներ պանդխտութիւնը ծայր առած է Ի. դարու սկիզբին, մանաւանդ՝ 1908ի երիտթուրք յեղափոխութենէն եւ անոր յաջորդող կիլիկեան եւ հիւսիսային Սուրիոյ ջարդերէն ետք: Յետագային անոնց միացած են Եգիպտոսի Փոր Սայիտի գաղթակայանէն, եւ 1916ին՝ Պուենոս Այրէսէն ժամանած գաղթականներ: Մուսա Լեռէն գաղթը վերսկսած է 1919ին՝ տեղահանուածներու Մուսա Լեռ վերադարձէն ետք: Պանդուխտ-գաղթականներուն մեծ մասը հաստատուած է Մ. Նահանգներու Արեւելեան Ափ, մասնաւորաբար Քընեթիքաթ, Նիւ Ճըրզի, Փենսիլվենիա, Մեսեչուսէց, Նիւ Եորք եւ Ֆլորիտա: Քիչեր բնակութիւն հաստատած են Քալիֆորնիա: Ասոնք գործի լծուած են մետաքսի գործարաններու, ուտեստեղէնի արտադրութեան եւ այլ մասնագիտութիւններու մէջ: Ոմանք հիմնած են իրենց անձնական գործերը: Մ. Նահանգներու հեռաւորութիւնը արգելք չէ եղած որ ամուր կապ պահպանուի ծննդավայր Մուսա Լերան հետ: Պանդուխտ-գաղթականները ներքին ցանց մը յառաջացուցած են, պահպանած իրենց աւանդոյթները եւ շարունակած հաղորդակցիլ իրենց բարբառով: Այդուհանդերձ, համարկումը անխուսափելի եղած է: Դպրոցներու, ակումբներու, եկեղեցիներու թէ կամաւորական ընկերակցութիւններու ընդմէջէն գաղթականները առնչուած են ամերիկեան կեանքին: Անոնցմէ ոմանք մաս կազմած են նաեւ ամերիկեան զինեալ ուժերուն՝ Համաշխարհային Բ. Պատերազմի տարիներուն: Յաջորդ սերունդէն շատեր խառն ամուսնութիւններ կնքելով սկիզբ դրած են ամբողջական ձուլման:The Experience of Musa Dagh Armenian Immigrants in the United States During the 1910s-1940s