Vahram L. Shemmassian2026-06-182026-06-182022Shemmassian, V., L., "The Armenian Protestant Church in Musa Dagh, 1919-1939", "Haigazian Armenological Review", 2022, 42/2, Beirut, pp. 73-95https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/1479Մուսա Տաղի Հայ Աւետարանական Եկեղեցին հիմնուած էր ԺԹ. երկրորդ դարակէսին: Պիթիասի հօտը զօրաւորագոյնն էր. անոր կը յաջորդէր Եողուն Օլուքի հօտը: Միւս գիւղերուն աւետարանականները արբանեակ-ենթախումբեր կը նկատուէին՝ իրենց թիւին փոքրութեան պատճառով: Համաշխարհային Ա. պատերազմը պարտադրեց հայ աւետարանական հօտին, Մուսա Տաղի ամբողջ բնակչութեան հետ, դիմադրութեան կամ տեղահանութեան միջեւ ընտրութիւն կատարել: Անոնք որոնք տեղահանութիւնը ընտրեցին, շուրջ կէսով բնաջնջուեցան, իսկ դիմադրողները փրկուեցան Միջերկրականի ֆրանսական նաւատորմին կողմէ եւ ապաստան գտան Փոր Սայիտի գաղթակայանը, Եգիպտոս: Վերապրողները 1919ին վերադարձան ծննդավայր եւ լծուեցան վերականգնումի աշխատանքներին: Յօդուածը նուիրուած է 1919-39 շրջանի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին: Եկեղեցին դիմագրաւեց բազում դժուարութիւններ. ինչպէս՝ թիւի նուազում, աղքատութիւն եւ նիւթական պարտաւորութեանց թերացում, հոգեւոր կեանքի նահանջ, հովիւներու պարբերական բացակայութիւն եւն.: Միւս կողմէն, սակայն, եղան վերականգնումի յատկանշական իրագործումներ՝ կիրակնօրեայ դպրոցներու վերաբացում, Ջանիցի եւ կանանց Աստուածաշունչի խումբերու վերականգնում, յայտնուեցան նաեւ աշխուժ հոգեւոր հովիւներ: Հալէպի Հայ Աւետ. Եկեղեցն եւ ՄԱՀԱԵՄը (հիմն. 1924ին) յատուկ ուշադրութիւն դարձուց Մուսա Տարին, ուր առաքեց այցելու խումբեր, մինչ Պիթիասի եւ Եողուն Օլուքի եկեղեցիները մասնակցեցան ՄԱՀԱԵՄի տարեկան ժողովներուն եւ նիւթապէս իրենց համեստ նպաստը բերին Սուրիա-Լիբանանի աւետարանական գործին: Ալեքսանտրէթի սանճաքին կցումով 1939ին, Մուսա Տաղի հայութիւնը վերաբնակեցաւ Սուրիա եւ Լիբանան: Մուսատաղցիք բնակեցան Լիբանանի Պեքայի հովիտին մէջ Անճար, ուր վերստեղծեցին իրենց հաւաքական կեանքը, իսկ Եկեղեցին շարունակեց իր հոգեւոր եւ կրթական առաքելութիւնը: Ուսումնասիրութիւնը հիմնուած է արխիւային, նամակագրական, հարցազրոյցներու, մամուլի եւ այլ աղբիւրներու վրայ, որոնք առաջին անգամ կ'օգտագործուին:The Armenian Protestant Church in Musa Dagh, 1919-1939