Serob Abrahamian2026-08-282026-08-282024Abrahamian, S., "Street Names in Yerevan and their Effect on National Identity", "Haigazian Armenological Review", 2024, 44/1, Beirut, pp. 213-230https://doi.org/10.62811/har.artc.sab.2024.1https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/1569Յօդուածը կը քննարկէ փողոցներու եւ հանրային հրապարակներու, զբօսավայրերու անուանափոխութեան ընթացքը, պատճառները եւ անուններուն ազդեցութիւնը ազգային ինքնութեան վրայ: Հեղինակը կը նշէ թէ փողոցներու անուանափոխութիւն տեղի կ'ունենայ երբ նոր վարչակարգ մը իշխանութեան անցնի: Նոր իշխանութիւնը կը ջանայ առկայ տարբեր ձեւերով իր գաղափարախօսութիւնը հաստատել ու տարածել բնակչութեան վրայ: Այս նպատակին հասնելու միջոցներէն կը նկատուի փողոցներու, հրապարակներու, հանրային վայրերու եւ զբօսավայրերու անուանափոխութիւնը: Հեղինակը ապա կ'անդրադառնայ Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան հռչակումէն ետք կատարուած Երեւանի կարգ մը փողոցներու անուանափոխութեան: Ան կը հարցապնդէ տուեալ փողոցներու բնակիչներ եւ կը կատարէ եզրակացութիւններ, որոնք կը վերաբերին բնակիչներուն՝ իրենց բնակած փողոցներուն անուանատիրոջ մասին իրենց ունեցած գիտելիքին: Հեղինակը կը ջանայ նաեւ փոխկապակցութիւններ գտնել օտարանուն, մշակութային կամ զինուորական դէմքերու անուններ ունեցող փողոցներուն եւ համապատասխան բնակիչներուն պատասխաններուն միջեւ: Հուսկ, հեղինակը կը հաւաստէ թէ ուսումնասիրութիւնը կարիքն ունի ներգրաւելու աւելի մեծ թիւով հարցապնդուողներ, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի հիմնաւոր եզրակացութիւններ կատարել:Street Names in Yerevan and their Effect on National Identity