Shemmassian, Vahram L.2024-08-292024-08-292018Shemmassian, V. L., Musa Dagh during the Armenian Massacres of 1909 in Ottoman Northwestern Syria, Armenians in Syria, Conference Proceedings (24-27 May 2015), HU Press, Beirut, 2018, pp. 87-115https://doi.org/10.62811/adrc.aos.vsh.001https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/352Հեղինակը լուսարձակի տակ կ'առնէ 1909ի կիլիկեան կոտորածներուն զուգահեռ՝ Օսմանեան Կայսրութեան ենթակայ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան հայաբնակ վայրերուն մէջ տեղի ունեցած ջարդերն ու վնասները եւ անոնց հետեւանքները: Ներկայացնելէ ետք Անտիոքի, Քեսապի, Հալէպի եւ շրջակայքի հայոց դիմագրաւած սպանդն ու հետապնդումները, կողոպուտը, քանդումներն ու արտաքսումը, հեղինակը կը մանրամասնէ այդ շրջանի Մուսա Լեռան հայութեան դիմագրաւած ահաբեկումի վտանգը, ջարդ-կողոպուտ-աքսորի սարսափն ու սպառնալիքը, մուսալեռցիներու դիմադրութիւնը, օսմանեան տեղական իշխանութեանց մասնակցութիւնը սպանութիւններուն, օտար միջամտութիւնը՝ կանխարգիլելու-սահմանափակելու յարձակումներն ու սպանդը, ապա նաեւ՝ իւրաքանչիւր յարանուանութեան կրած զոհերուն թիւը, կը ներկայացնէ հետեւանքները՝ հրկիզուած տուն ու խանութներու, որբերու եւ այրիներու թիւերը, նիւթական վնասները՝ ըստ գիւղի: Հեղինակը կ'անդրադառնայ նաեւ կոտորածներուն եւ աւերին արտասահմանեան արձագանգին, Մուսա Լեռ փութացուած հայ (միութենական եւ եկեղեցական) թէ օտար նպաստներուն: Հուսկ, հեղինակը կ'արժեւորէ կոտորածէն ետք տեղի ունեցած եւ ջարդարարութեան տարողութեան չհամապատասխանող կեղծ դատավարութիւններուն:Musa Dagh During the Armenian Massacres of 1909 in Ottoman Northwestern Syria