Matthias Bjornlund2025-11-212025-11-212008Bjornlund, M., "Karen Jeppe, Aage Meyer Benedictsen, and the Ottoman Armenians: National Survival in Imperial and Colonial Settings", "Haigazian Armenological Review", 2008, Beirut, pp. 9-43https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/969Հեղինակը կը ներկայացնէ Քարէն Եփփէի (1876-1935) եւ Աակէ Պենետիքթսընի (1866-1927) հայասիրական գործունէութեան կարգ մը երեսակները: Եփփէ 1902էն մինչեւ իր մահը ծառայած է օսմանցի հայերու՝ գլխաւորաբար այրիներու եւ որբերու: Պենետիքթսըն վարած է գրասենեկային եւ վարչական աշխատանք եւ շրջագայութիւններով մղում տուած է մարդասիրական այդ եւ նման գործունէութեանց: Երկուքն ալ կը գործէին դանիական Ֆրենծ օֆ Արմինիընզ կազմակերպութեան ծիրին մէջ, որ ի տարբերութիւն նմանօրինակ այլ կազմակերպութիւններու չէր յեներ նիւթական պետական աղբիւրներու, ինչպէս եւ զուտ կրօնական կազմակերպութիւններու: Պիորնլունտ ընդհանուր յայտարարի մը տակ դնելով հանդերձ արեւմտեան հայասիրական կազմակերպութիւնները, կը տարբերակէ անոնց գործունէութեան շարժառիթները, նպատակները, միջոցները, հայեացքները՝ արեւելքցիներու եւ մանաւանդ հայերու հանդէպ, կը ներկայացնէ թուրքերու, իսլամի ու քրիստոնէութեան մասին անոնց կարծիքները եւ տեսակէտները, մատնանշելով որ անոնցմէ ոմանք նոյն աչքով կը նայէին արեւելքցիներուն, արեւելքի քրիստոնէական համայնքներուն, իսկ ուրիշներ՝ դաւանափոխական ծիրի մէջ կը տեսնէին իրենց առաքելութիւնը, ոմանք ալ՝ մշակութային կայսերապաշտութիւն կը կատարէին: Ի տարբերութիւն ասոնց, Պիորնլունտ Եփփէի գործունէութիւնը կը դիտէ իբրեւ զուտ մարդասիրական առաքելութիւն, եւ կը մանրամասնէ Ֆրանսական Հոգատար Իշխանութեան, տեղաբնիկ պետեւիներու եւ գաղթական հայերու շահերու խաչաձեւումին մէջ Եփփէի գործունէութիւնը՝ իբրեւ Ազգերու Լիկայի Կոմիսար: Հեղինակը կը մանրամասնէ նաեւ Եփփէի՝ հիւսիսային Սուրիոյ երկրագործական շրջաններու մէջ հայերու բնակեցման խնդրով տարած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ՝ առեւանգուած կանանց եւ որբուկներու ազատագրումը: Հուսկ, Պիորնլունտ կը մատնանշէ Քարէն Եփփէի եւ Աակէ Պենետիքթսընի միջեւ եղած հայեացքներու, խառնուածքի տարբերութիւնը: Ան կը ներկայացնէ նաեւ այս երկուքին՝ արեւելքի եւ արեւելքցիներուն հանդէպ ունեցած կարծիքներու բարեխառնումը ժամանակի ընթացքին:Karen Jeppe, Aage Meyer Benedictsen, and the Ottoman Armenians: National Survival in Imperial and Colonial Settings