Rober Koptaş2026-02-042026-02-042015Koptaş, Rober, "Armenian Political Thinking Before and After the Young Turk Revolution", "Haigazian Armenological Review", 2015, Beirut, pp. 45-90https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/1165Ուսումնասիրութիւնը կը ներկայացնէ թուրք ազգայնական պատմագրութեան տեսակէտերը արեւմտեան տէրութիւններուն արեւմտահայութեան գործակցութեան մասին, ինչպէս եւ՝ հայերու հանդէպ հնչող «անջատողականութեան», «դաւաճանութեան» մեղադրանքները, որոնք կը նկատուին տրամաբանական հակադարձութիւն, Երիտթուրք կառավարութեան կողմէ հայոց նկատմամբ կատարուածները արդարացնելու միտող: Հեղինակը կը հերքէ վերոյիշեալ տեսակէտերը, առարկելով նախեւառաջ թէ օսմանահայութիւնը միատարր զանգուած չէր. կային այլեւայլ խաւեր ու խմբաւորումներ, ինչպէս՝ գաւառահայութիւնը, պոլսահայութիւնը, ամիրաները, էսնաֆները, արեւմտեան համալսարանաւարտ երիտասարդութիւնը, կուսակցութիւնները, պահպանողականները, կրօնական թեւը, աշխարհիկ խմբաւորումը եւն.: Հեղինակը կը հաւաստէ, որ այս շերտերն ու խմբաւորումները անուանական չէին. անոնք կը ջատագովէին հակադիր տեսակէտեր արեւմտահայութիւնը յուզող ընկերային, տնտեսական, մշակութային, քաղաքական, ապահովական թէ այլ հարցերու լուծման: Հեղինակը համառօտակի կը նկարագրէ արեւմտահայ գեղջուկին կրած կրկնակի հալածանքը պետութենէն եւ քրտական կեղեքումներէն: Ան հայ կուսակցութիւնները կը ներկայացնէ այս ծիրին մէջ ու կ'անդրադառնայ անոնց գաղափարախօսութեան եւ ազգային-քաղաքական արեւելումին, շեշտելով որ անոնք նախեւառաջ ձգտեցան Արեւմտեան Հայաստանի մէջ բարեկարգումներ յառաջացնելու: Հեղինակը կ'առարկէ, որ հայ քաղաքական կուսակցութիւնները տարուբերեցան ինքնավարութիւն-անջատողականութիւն-բարեկարգութիւն այլընտրանքներուն միջեւ, ըստ օսմանեան ներքին քաղաքականութեան՝ սահմանադրութեան հռչակումէն առաջ եւ ետք: Ան վաւերական ապացոյցներով կը փաստէ, որ հայ կուսակցութիւնները 1908ի Երիտթուրք Յեղափոխութենէն ետք վար դրին իրենց անջատողական ծրագիրը եւ ջանացին Իթթիհատ Վէ Թերաքքը, Հիւրրիեթ Վէ Իթիլաֆ Ֆիրքասի կուսակցութեանց քաղաքական գործակցութեամբ իրականացնել բարենորոգումներ: Այլ խօսքով, անոնք մտան յետ-սահմանադրական օսմանեան քաղաքական կուսակցութեանց օրինական համակարգին իրաւադաշտը: Այսպիսով, կը հերքուին նաեւ թուրք պատմագրութեան մեղադրանքները հայերու դաւաճանութեան եւ արեւմուտքի հետ համագործակցութեան մասին:Armenian Political Thinking Before and After the Young Turk Revolution