Payaslian, Simon2024-08-292024-08-292018Payaslian, S., The Armenian Prelacy of Aleppo (Mid 1920s-late 20th Century), Armenians in Syria, Conference Proceedings (24-27 May 2015), HU Press, Beirut, 2018, pp. 335-360https://doi.org/10.62811/adrc.aos.sp.002https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/365Հեղինակը Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանին պատմութիւնը հակիրճ վերաքաղելէ ետք, կը կեդրոնանայ Ա. Համաշխարհայինէն մինչեւ ներկայ հանգրուանի առաջնորդարանին պատմութեան վրայ, մեկնելով իւրաքանչիւր առաջնորդի վարած քաղաքականութենէն ու գործունէութենէն: Սկզբնապէս հիմնուած Սալիպէի Հայ Առաքելական Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, առաջնորդարանը 1970ին տեղափոխուեցաւ մօտակայ նոր շէնք մը, եւ ցարդ հոն կը մնայ: Հայոց Ցեղասպանութիւնը շրջադարձային եղաւ առաջնորդարանի պատմութեան մէջ, երբ հազարաւոր գաղթականներու հոսքը՝ զայն մատնեց աննախադէպ տագնապներու: Առաջնորդարանը գործեց որպէս պաշտօնական կեդրոն՝ գաղթակայաններու վարման եւ նպաստներու մատուցման, նաեւ՝ կրթական, հոգեւոր, մշակութային վերաշինութեան, միջավայրին հետ բարուօք յարաբերութեանց զարգացման: Առաջնորդարանը, ամբողջ երկրին նման, դիմագրաւեց բազմաթիւ մարտահրաւէրներ՝ սուրիական քաղաքականութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու ծիրին մէջ: Հակառակ դժուարութիւններուն, առաջնորդարանը տասնամեակներով ունեցաւ կայուն վիճակ եւ աճեցաւ: Մասնակցելով համայնքի բոլոր աշխուժութիւններուն, առաջնորդարանը սերտ կապեր պահպանեց համայնքի բոլոր դասակարգերուն եւ հանրային ծառայողներուն հետ: Ան վերջին տարիներուն բազում հրատարակութիւններ իրագործեց: 1990ականներու կէսերէն, համայնքը իր կենսունակութիւնը վերագտնելու գործընթացին մէջ էր, սակայն պատերազմը եկաւ Ցեղասպանութենէն ետք համայնքը կերտելու եւ անոր ինքնութիւնը տարազելու տասնամեակներու ճիգը հարցականի տակ դնել:The Armenian Prelacy of Aleppo (Mid 1920s-late 20th Century)