Vahan H. Tootikian2025-09-302025-09-301996Tootikian, V., H., "Our Relations with the Armenian Apostolic Church", "Haigazian Armenological Review", 1996, Beirut, pp. 105-115https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/752Հայ Աւետարանական Բարենորոգչական Շարժումի ծննդոցի առաջին իսկ օրէն անոր առաջնորդները հաւատացին, հաստատեցին եւ պնդեցին, թէ հայ էին իրենք եւ կը մնային անբաժան մէկ մասը հայութեան եւ Հայ Եկեղեցիին, ու եթէ յետագային յառաջացաւ բաժանումը՝ այդ եղաւ ակամայ: Սակայն տասնամեակներ ետք պատահող դէպքերն եկան ցոյց տալու, թէ հայը հայ էր՝ ի՛նչ գոյնի եւ երանգի, ի՞նչ հաւատքի եւ հաւատամքի, ի՛նչ եկեղեցիի եւ յարանուանութեան ալ պատկանէր: Իրականութեան մէջ հայը թշնամի չէր հայուն, ու եթէ պահ մը եղաւ այդպէս արուեստական էր անիկա եւ ժամանակաւոր: Իրականութեան մէջ բոլոր կողմերն ալ շուտով անդրադարձան, որ իրենք մէկ էին իրենց անցեալով, ազգային եւ մշակութային ժառանգով, իրենց ապրած եւ իրենց վիճակուած փորձանքներով եւ փորձութիւններով, դասերով եւ տառապանքներով, եւ վախով ու տագնապով։ Աւելին՝ Հայկական Եղեռնի Յիսնամեակը` 1965ին, եկաւ ցոյց տալու թէ նոյնն էին իրենք` հայերը, եւ այդ իսկ պատճառով անհրաժեշտ էր մօտենալ իրարու, ձեռք երկարել իրարու եւ համագործակցիլ որպէս մէկ մարմին, մէկ հոգի եւ մէկ ամբաղջութին։ Այսպէս էր որ 1965էն սկսեալ առաքելական եւ աւետարանական հատուածները հայութեան փորձեցին մօտենալ իրարու։ Արդարեւ՝ 1965ին Վեր. Յովհաննէս Ահարոնեանի պաշտօնական այցովը Էջմիածին՝ կոտրեցան ազգաբաժան սառցակոյտերը, եւ ճամբայ բացին Վեր. Սենեքերիմ Սիւլահեանին, որ Նիւ Եորքի մէջ կայացող Վարդանանց տօնակատարութեան մը ընթացքին հրապարակաւ եւ պաշտօնապէս խնդրէր Ամենայն Հայոց Հայրապետ Վազգէն Առաջինէն որ վերջ տայ հայ աւետարանականներու դէմ Պոլսոյ պատրիարք Մատթէոս Չուխաճեանի դրած բանադրանքին: Մերձեցումի սկզբնական այս արտայայտութիւններէն ետք էր, որ 1966ին իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ սկսան շարժիլ կողմերը եւ գոյութեան կոչեցին Սերձեցման Յանձնախումբ մը, որ զբաղէր մերձեցումի հարցով, եւ կարելիութեան պարագային կողմերը բերէր իրարու։ Յանձնախումբն իր առաջին հանդիպումն ունեցաւ 20 Մայիս 1970ին, որուն յաջորդեցին եօթը ուրիշներ, նոյն շրջանին կայացան նաեւ բազմաթիւ երկխօսութիւններ, աղօթքի եւ փոխհասկացողութեան համար խմբական առանձնացումներ 1974ին եւ 1975ին, այս վերջիններուն մասնակցեցան ինչպէս Աւետարանական եկեղեցիներու նոյնպէս նաեւ Առաքելական Մայր եկեղեցիի Էջմիածնական եւ Անթիլիասական Աթոռներու կրօնականներ: Տիրան Արք. Ներսոյեանի կարող ու ճկուն ղեկավարութեան տակ` Մերձեցման Յանձնախումբն ի վերջոյ 1972ի կէսերուն հասաւ որոշ եզրակացութիւններու եւ պատրաստեց իր տեղեկագիրը, որ նոյնհետայն յանձնուեցաւ կողմերու պատկան մարմիններուն: Լաւ սկսուած գործը, սակայն, անակնկալ կերպով կասեցաւ Վեհափառ հայրապետին 30 Դեկտեմբեր 1972 թուակիր նամակով որ ուղղուեցաւ յանձնախումբի ատենապետ Ներսոյեան Սրբազանին... Ըստ այդ գիրին՝ տեղեկագիրին բովանդակութիւնը չէր համապատասխաներ 1968ին Էջմիածինի մէջ կայացած Եպիսկոպոսական Ժողովի որոշումներուն, այսուհանդերձ, իր գիրով, Վեհափառը լայն կը բանար դուռը Հայ եկեղեցիին բոլոր անոնց առջեւ, որոնք անսակարկ կ՚ընդունէին անոր հիմնական կանոնական սկզբունքները եւ եկեղեցական կարգ ու սարքը։ 1972էն ասդին անցաւ մօտ քառորդ դար, եւ փոխուեցաւ շատ բան հայուն քաղաքական, ընկերային եւ ազգային կեանքէն ներս։ Այժմ կան կրօնական, ընկերային եւ ազգային նոր դէմքեր եւ նոր ղեկավարութիւն, ստեղծուած են նոր պայմաններ եւ յառաջ եկած՝ նոր տուեալներ, որոնք աւելի դիւրին կ'ընծայեն հայ համայնքներու եւ կողմերու մատչումն իրարու։ Էջմիածինի Սուրբ Աթոռին գահակալ Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը եւ Կիլիկեան Աթոռի գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսը յայտնի են ոչ միայն իրենց միջեկեղեցական յարաբերութիւններու սրտբացութեամբ` այլ մանաւանդ Հայ Աւետարանականութեան հանդէպ իրենց ունեցած կեցուածքով։ Ա՛լ չկան քաղաքական եւ գաղափարական տաք ու պաղ հովերը, եւ անկախ է հայրենիքը։ Այս բոլորը կը կազմեն գրաւականը կողմերու մատչումին եւ իրարհասկացողութեան կարելիութեան։ Աւելին՝ սփիւռքեան պայմանները եւ անոնցմէ յառաջացող «սպիտակ ջարդ»ը հրամայական կը դարձնեն կողմերու մօտեցումն իրարու՝ վասն որոնումին հասկացողութեան մը եզրերուն, որպէսզի ամփոփուի, միանայ եւ զօրանայ հայութիւնը։ Ի վերջոյ՝ այսօր շատ աւելի տուեալներ կան անջատ ինկած կողմերը իրարու հետ միացնելու եւ իրարու զօդելու քան թէ բաժնելու զանոնք կրօնականէն եւ համայնքայինէն մինչեւ կառուցուածքային եւ ընկերային տուեալները։ Անշուշտ անմիջական կարելիութիւն մը չէ ամբողջական եւ վերջնական միաձուլումը կողմերուն, սակայն անհրաժեշտ է միանգամընդմիշտ ընդունիլ, թէ հայ ժողովուրդն ստիպուած է ըլլալ մէկ եւ միասնական՝ առնուազն հոգեպէս, իմացականօրէն եւ ազգովին, որովհետեւ, ինչպես կ'եզրակացնէ յօդուածագիրը. «ա. Բոլոր հայ եկեղեցիներն ու հայերը մէկ են Քրիստոսով, [եւ] «բ. Անոնք կը պատկանին մէկ ազգի, միացած են ճակատագիրով եւ անհատանելի են որպէս ամբողջութիւն»։Our Relations with the Armenian Apostolic Church