Kornél Nagy2025-12-092025-12-092010Nagy, K. "The Document Fidelis Relatio (1693) and the Armenians in Transylvania (A Memoire about the Armenian church in Transylvania)", "Haigazian Armenological Review", 2010, Beirut, pp. 379-394https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/1023ԺԷ. դարը նկատուած է Հունգարիոյ եւ Թրանսիլվանիոյ պատմութեան ամէնէն յատկանշական շրջաններէն մին: Այդ դարուն մղուեցաւ Օսմանեան գրաւումին դէմ ազատագրական պայքարը եւ Թրանսիլվանիոյ կիսանկախ բազմահամայնք իշխանապետութիւնը համարկուեցաւ Հունգարիոյ: Հրատարակուող յուշագիրը կ'անդրադառնայ այդ համարկումի գլխաւոր դերակատար կալվինական աւագանիին դերին, ինչպէս նաեւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետ յառաջացած տագնապին մասին, մանաւանդ որ կաթոլիկ եկեղեցին կը փորձէր վերականգնել իր տեղն ու դերը Թրանսիլվանիոյ մէջ: Այս ենթախորքին վրայ յուշագիրը կը ներկայացնէ հայ առաքելական եկեղեցւոյ ճակատագրուած վիճակը՝ իբրեւ կռուախնձոր՝ երկու ազդեցութիւններու: Փաստաթուղթէն կը պարզուի որ սխալ է տարածուած այն վերագրումը թէ Թրանսիլվանիոյ հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ Մինաս Եպս. Թոխաթեցին ընդունած է Հռոմի հաւատամքը եւ թէ ան վախճանած է իբրեւ միաբնակ կրօնաւոր: Իրականութեան մէջ, Թոխաթեցի եպիսկոպոս բանակցութիւններ վարած էր կաթոլիկ եկեղեցիին հետ: Եւ հակառակ անոր որ այդ եկեղեցւոյ պատուիրակ-բանագնաց Վիրզիերսքօ եպիսկոպոս չէր կրցած տարհամոզել Թոխաթեցին՝ ընդունիլ կաթոլիկութիւնը, յամենայնդէպս կրցած էր համոզել վերջինս գալու Լեմպերկ՝ բանակցութեան: Հուսկ, Թոխաթեցիի մահէն ետք արդէն տարածուած էր այդ անճիշդ, որով կարելի էր հետեւցնել որ եթէ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդը ընդունած էր կաթոլիկութիւնը, ապա իր հօտը եւս պարտ էր ընդունիլ զայն: Փաստաթուղթը կը մանրամասնէ այս քաշքշուկը, ապա կ'անդրադառնայ նաեւ Թոխաթեցի Եպս.ի մահէն ետք հայ առաքելական հօտին վիճակուած կացութեան: Թէ՛ ինչպէս անիկա պառակտուեցաւ կալվինական աւագանիին քաջալերանքով, թէ ինչպէս անոր մէկ մասը վերադարձաւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ գիրկը եւ թէ ինչպէս այս խումբը հեռացաւ ու բնակութիւն հաստատեց այլուր՝ առաւել նօսրացնելով հայ համայնքը:The Document Fidelis Relatio (1693) and the Armenians in Transylvania (A Memoire about the Armenian church in Transylvania)