Mouradian, Khatchig2024-08-292024-08-292018Mouradian, K., Genocide and Humanitarian Resistance in Ottoman Aleppo, 1915-1916, Armenians in Syria, Conference Proceedings (24-27 May 2015), HU Press, Beirut, 2018, pp. 133-146https://doi.org/10.62811/adrc.aos.khm.001https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/354Զեկոյցը կը քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին զոհերու դիմադրական գործունէութեան զանազան դրսեւորումները՝ 1915-16ին: Ձերբակալութեանց, տեղահանութեանց եւ ջարդերու գործողութիւններուն զուգահեռ նկատելի կը դառնան զոհերու կողմէ այլեւայլ դիմադրական արարքներ, որոնցմէ այստեղ լուսարձակի տակ կ'առնուին ոչ-զինեալ դիմադրական արարքները: Հեղինակը լուսարձակի տակ կ'առնէ օսմանեան գաւառներուն, Պոլսոյ օսմանեան գաւառներուն, Պոլսոյ արտասահմանի միջեւ գործող ընդյատակեայ հաղորդակցութեանց ցանցեր, որոնցմով արտաքին աշխարհ կը մաքսանենգուէին՝ ջարդերուն մասին տեղեկագրեր: Ասոնք հումք կը ծառայէին արտասահմանի հայ թէ օտար մամուլի դէմքերուն, օտար քաղաքական գործիչներուն՝ բացայայտելու Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայոց դէմ կատարուող ջարդերը, մանրամասնելու դէպքերուն եւ կոտորածներուն, արմատահանութիւններուն, քանդումներուն տարողութիւնը եւն.: Միւս կողմէն՝ այս ցանցերով նաեւ արտասահմանէն կը փոխանցուէին նիւթական նպաստներ, ապա գաւառներ եւ գաղթակայաններ կը յղուէին ատոնք՝ սնունդ գնելու, բժշկական հոգածութեան եւ գոյատեւումի նպատակներով: Հեղինակը կ'ընդգծէ որ աքսորավայրերուն, գաւառին եւ Պոլսոյ միջեւ հաղորդակցութեանց այս ցանցերուն կենսական օղակ կը հանդիսանար Հալէպը, ու կը ներկայացնէ այս ցանցերուն առնչուած անձերու եւ խնդիրներու մութ ծալքերը: Կը պարզուի նաեւ, որ ընդյատակեայ մարդկային այս ցանցերով ոչ միայն օտար, այլեւ հայ աջակցութիւն եւ նպաստ կը կատարուէր ցեղասպանութեան դիմադրութեան համար:Genocide and Humanitarian Resistance in Ottoman Aleppo, 1915-1916