Arda Jebejian2026-01-192026-01-192011Jebejian, A., "Patterns of Language Use Among Armenians in Beirut in the Last 95 Years", "Haigazian Armenological Review", 2011, Beirut, pp. 453-469https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/1062Յօդուածը նախ կ'անդրադառնայ լեզուապահպանումի եւ լեզուափոխութեան տուն տուող ընկերային, տնտեսական, պատմական, մշակութային եւ այլ ազդակներու՝ ընդգծելու համար որոշ գործօններու ազդեցութիւնը փոքրամասնութիւններու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, եւ ներկայացնելու անոնց լեզուական անդրադարձը ներկայի եւ ապագայի սերունդներուն լեզուապահպանման ճիգերուն վրայ: Յօդուածը հակիրճ կը ներկայացնէ 1915էն ետք Լիբանան հաստատուած հայերուն ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ կրթական իրավիճակները: Ան կը վերլուծէ 18-80 տարեկան պէյրութաբնակ հայերու հայերէնի գործածութեան պարագաները՝ տարբեր միջավայրերու մէջ: Սերտողութիւնը ցոյց կու տայ թէ համայնքին լեզուներու գործածութիւնը փոփոխութեան ենթարկուած է՝ արաբերէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի գործածութիւնը աւելցած է, եւ 40 տարիքէն վար անձեր աւելի հաւանականութիւն ունին զանոնք գործածելու իրենց առօրեային մէջ, որովհետեւ անոնք աւելի առիթներ ունին ոչ-հայ ընկերութեան հետ շփումներ ունենալու՝ բնակութեան վայրի, հաղորդակցութեան, կրթութեան, գործի, եւ այլ պատճառներու բերումով: Հետեւաբար, ըստ ընկերալեզուաբաններու, մայրենի լեզուի պահպանման եւ յաջող փոխանցման համար անհրաժեշտ է որ փոքրամասնութեան անդամները յաճախ հանդիպին, տան մէջ գործածեն իրենց լեզուն, դրական կեցուածք ունենան իրենց մայրենի լեզուին հանդէպ, հեռու մնան օտար ամուսնութիւններէ, նեցուկ կանգնին իրենց դպրոցներուն եւ ամուր պահեն իրենց հաւատքը:Patterns of Language Use Among Armenians in Beirut in the Last 95 Years