Anita Moutchoyan2026-02-042026-02-042015Moutchoyan, A., "Memory, Postmemory, and Beyond: Tracing Trans-Generational Trauma in the Literary Works of Saroyan, Balakian, and Bohjalian", "Haigazian Armenological Review", 2015, Beirut, pp. 429-490https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/1177Ուսումնասիրութիւնը լուսարձակի տակ կ'առնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընկալումը՝ ամերիկահայ առաջին եւ երրորդ սերունդի հեղինակներու գրական ստեղծագործութիւններուն մէջ: Հեղինակը նախ կ'ընդգծէ Ուիլիըմ Սարոյեանի (1908-1981) հակադարձութիւնը Ցեղասպանութեան հանդէպ։ Ժամանակի առումով մօտ ըլլալով Ցեղասպանութեան դէպքերուն, ինչպէս նաեւ գլխաւորաբար կլանուած ըլլալով սփիւռքացումի եւ ձուլումի երեւոյթներով, Սարոյեան անկարող եղած է ամբողջութեամբ ըմբռնելու Ցեղասպանութեան պատճառած հոգեխոցը: Ուսումնասիրութիւնը ապա կը սերտէ երրորդ սերունդի հեղինակ Փիթըր Պալագեանի (ծն. 1951) գրական երկերը, շեշտելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան միջ-սերունդային ընկալման տարբերութիւնները: Հիմնուելով Մարիան Հիրշի վերյուշի տեսութեան վրայ, աշխատութիւնը կը խորանայ Պալագեանի բանաստեղծութիւններուն վերլուծութեան մէջ, օգտագործելով գիտական տեսութիւններ, որոնք գլխաւորաբար կը կիրարկուին Ողջակիզումի եւ այլ ազգերու Ցեղասպանութեան գրականութեանց սերտողութեան համար: Կախարդական իրապաշտութեան տարրերու, ճաշի պատկերումներու, տարանջատումի, հոգեխոցի, երեւակայութեան եւ աքսորի ենթաշերտեր յայտնաբերելով Պալագեանի բանաստեղծութեան մէջ, սոյն ուսումնասիրութիւնը կը միտի վերհանել թէ ինչպէս Ցեղասպանութեան վերյուշի գիտակցականութիւնը վերականգնուած է անոր երկերուն մէջ: Ուսումնասիրութիւնը նաեւ կ'օղակէ Պալագեանի սոյն անդրպատմական (Ցեղասպանութեան վերյուշի) հոգեխոցը անոր անմիջական հոգեխոցին՝ Սեպտեմբեր 11ի ողբերգութեան: Վերլուծութիւնը քայլ մը եւս յառաջանալով կ'անցնի վերյուշի ոլորտը եւ լոյս կը սփռէ պատմողական արձակի ունեցած լիցքաթափային դերին վրայ՝ Քրիս Պոհճալեանի (ծն. 1962) վէպին ընդմէջէն: Հուսկ, ուսումնասիրութիւնը ճամփայ կը հարթէ ամերիկահայ չորրորդ սերունդի գրականութեան մէջ Ցեղասպանութեան հոգեխոցին ընկալման վերլուծութեան ու կը հարցադրէ, թէ արդեօ՞ք այնտեղ անդրյուշը արդէն սկսած է դրսեւորուիլ:Memory, Postmemory, and Beyond: Tracing Trans-Generational Trauma in the Literary Works of Saroyan, Balakian, and Bohjalian