Vahram L. Shemmassian2026-06-102026-06-102020Shemmassian, V., L., "Armenian Genocide Survivors in Damascus at the End of World War I", "Haigazian Armenological Review", 2020, pp. 95-134https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/1373Ցեղասպանութեան ընթացքին Դամասկոս հանդիսացաւ հայ տարագիրներու կեցութեան եւ կամ դէպի աւելի հարաւ տարանցումի վայր մը: Ներկայ ուսումնասիրութիւնը, առաւելաբար հիմնուելով հայ եւ օտար արխիւներու եւ այլ սկզբնաղբիւրներու վրայ, առաջին անգամ կ'արծարծէ Սուրիոյ մայրաքաղաքին մէջ գտնուող վերապրողներու իրավիճակը Համաշխարհային Ա. Պատերազմի աւարտին: Մանրամասնօրէն կը ներկայացուին հայ եւ ոչ-հայ հաստատութեանց, կազմակերպութեանց եւ կառավարութեանց մարդասիրական միջամտութեանց տեսակն ու տարողութիւնը, գաղթակայաններ թէ այլուր ծուարած խլեակներու կացութիւնը, որբանոցներու ծնողազուրկ մանուկներու հոգատարութիւնը, առողջապահական հարցերը, գերեվարուած կիներու եւ անչափահասներու ազատագրման եւ վերահայացման բարդ խնդիրները եւ վերջապէս, հայրենադարձութեան անկանոն ընթացքը: Արաբական եւ Բրիտանական բանակներու կողմէ 30 Սեպտեմբեր 1918ին Դամասկոսի գրաւումէն մինչեւ գաղթականներու տունդարձի աւարտը՝ Սեպտեմբեր 1919, երկարող ժամանակահատուածը եղաւ դժուարին սակայն յուսատու՝ փայլուն ապագայի մը հեռանկարով: Այսուհանդերձ, յատկապէ՛ս Կիլիկիոյ արիւնալի իրադարձութեանց եւ պարպումին պատճառով, վերապրողները անգամ մը եւս տեղահանուելով (կրկնաքսորուելով) հաստատուեցան Սուրիա եւ Լիբանան: Եկուորներէն ոմանք վերջնականապէս կայք հաստատեցին Դամասկոս:Armenian Genocide Survivors in Damascus at the End of World War I