Vahram L. Shemmassian2025-11-272025-11-272009Shemmassian, V., L., "The Industries in Armenian Musa Dagh during the 1920s-1930s", "Haigazian Armenological Review", 2009, Beirut, pp. 103-126https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/991Հիմնուելով սկզբնաղբիւրներո, արխիւային եւ անձնական նիւթերու, նամակագրութեան, բանաւոր հարցազրոյցներու եւ այլ նիւթերու վրայ, ուսումնասիրութիւնը կը քննէ Մուսա Լերան հայոց ճարտարարուեստը 1920-1930ականներուն: Հիմնականին մէջ ան կ'անդրադառնայ փայտի եւ ածուխի արտադրութեան, մետաքսագործութեան եւ առնչակից արտադրութիւններու եւ հիւսուածեղէնի արդիւնաբերութեան: Այլ արդիւնաբերութիւններ, կ'ենթադրեն այլ առանձին ուսումնասիրութիւն: Թէեւ փայտի եւ ածուխի արտադրութեամբ կը զբաղէին հայ, թիւրքմէն, եւ ալեւի գիւղացիներ, այդուհանդերձ երկու հայ ընտանիքներ (սկզբնապէս Պօղոսեանները, որոնք մուսա լեռցիներ չէին, ապա եւ Եողունօլուքի Գազանճեանները) մենաշնորհի աստիճանի հասցուցեր էին այս արդիւնաբերութիւնը: Մասնաւորաբար Գազանճեանները, վարելու համար իրենց ընդարձակ գործողութիւնները, գործակալներու եւ գրասենեակներու ցանկ մը հաստատած էին Սուրիոյ, Լիբանանի, Պաղեստինի եւ Եգիպտոսի մէջ: Դժբախտաբար այս բոլորը կանգ առին 1938ին, երբ Գազանճեանները լքեցին շրջանը՝ Ալեքսանտրէթի Սանճաքի տագնապին մագլցումով: Շերամաբուծութիւնը Մուսա Լերան հայերուն եկամուտի գլխաւոր աղբիւրը կը հանդիսանար 1920ականներու կէսերուն: Անոր առեւտուրին կը տիրապետէին հայ եւ յոյն երեւելիներ կամ առեւտրականներ, որոնք յաճախ կը ճշդէին շերամի խոզակին գինը՝ ի հաշիւ հայ գիւղացիներուն: Մետաքսագործութիւնն ու մետաքսեայ իրերու արդիւնաբերութիւնը սուր անկում մը արձանագրեց 1920ականներու երկրորդ կէսէն սկսեալ՝ երեք պատճառներով.- ա- Սուրիա-Կիլիկիա սահմանին փակումը 1921ին, բ- Արհեստական մետաքսի եւ աժան այլընտրանքներու յառաջացումը, գ- Ճափոնի տիրապետւմը համաշխարհային շուկաներուն: Տնտեսական այս անկումը պատճառ դարձաւ գործազրկութեան արտագաղթի եւ երկրագործական արտադրութիւններու վերափոխման: Թէեւ թաշկինակագործութիւնը, ձեռագործութիւնը եւ գորգագործութիւնը իբրեւ այլընտրանքային արտադրութիւններ որոշ նիւթական մը կ'ապահովէին, սակայն անոնք անհամեմատ նուազ էին մետաքսագործութեան փառքի օրերուն յառաջացած շահերէն: Ոստայն Հիւսուածեղէնի Անանուն Ընկերութեան հաստատումը Պիթիաս գիւղին մէջ 1935ին, լաւ ապագայի մը հեռանկարը կը խոստանար: Աւելի քան 50 բանուորներ կը գործէին ելեկտրականութեամբ եւ ձեռքով բանող մեքենաներու վրայ՝ հիւսուածեղէն արտադրելու համար: Արտադրանքը կը ղրկուէր Հալէպ, հիւսուածեղէնի հայապատկան ընկերութեան մը՝ Նիշարթվա: Դժբախտաբար, սակայն, Ոստայնը լուծարքի ենթարկուեցաւ իր հիմնումէն երեք տարի ետք, 1938ին, դարձեալ՝ Ալեքսանտրէթի Սանճաքի տագնապին վատթարացումով:The Industries in Armenian Musa Dagh during the 1920s-1930s