Maxime Yevadian2026-01-222026-01-222012Yevadian, M., "La Version Grecque D'une Traduction Latine (Du Grec!) Sur La Christianisation De L'Arménie", "Haigazian Armenological Review", 2012, Beirut, pp. 299-307https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/1085Յօդուածը կ'ուսումնասիրէ յատուկ եւ հետաքրքրական պարագայ մը՝ Հայաստանի քրիստոնէացման պատմութեան աղբիւրներու առումով: Եւսերիոս Կեսարացիի Եկեղեցական Պատմութիւնին մէջ յիշատակութիւն մը կը կատարուի Դիոնիսիոս Աղեքսանդրացիի նամակին մասին, որ ուղղուած էր «Հայաստանի եղբայրներոն, որոնցմէ Մերուժանը եպիսկոպոսն է...» (Զ., XI.VI): Այս մասին քաջատեղեակ են հայագէտները: Աղեքսանդրացիի ուսմունքներուն ակնարկելով, իր Liber de Viris Inlustribus երկին մէջ, Ս. Հիերոնիմիոս (St. Jerome) եւս յղում կը կատարէ «Հայերուն...» ուղղուած այս նամակին: Այս յղումը ընդհանրապէս չէ օգտագործուած հայագիտական ուսմանց մէջ: Անոր բովանդակութիւնը կը հաստատէ որ զայն պէտք է սերտել Մեծ Հայքի Խոսրով Ա. (Մեծ) թագաւորին հալածանքներուն ենթահողին վրայ: Ս. Հիերոնիմիոսի վերոյիշեալ գրութիւնը թարգմանուած է շատ հաւանաբար իրեն ժամանակակից ոմն Սոփրոնիոսի կողմէ: Լատիներէնէ կատարուած այս յունարէն թարգմանութիւնը կը թուի իւրայատուկ ըլլալ Հայաստանի քրիստոնէացման պատմութեան առումով: Ս. Հիերոնիմոսի բնագիրը վկայակոչուած է ԺԲ. դարուն՝ բենետիկտեան Հոնորիոսի կողմ: Կը թուի թէ հեղինակին այստեղ հրապարակուող չորս հատուածներէն երեքը առաջին անգամ կը հրատարակուին՝ հայագիտական ուսմանց ծիրին մէջ:La Version Grecque D'une Traduction Latine (Du Grec!) Sur La Christianisation De L'Arménie