Zaven Messerlian2026-02-042026-02-042015Messerlian, Z., "Turkish Falsehoods concerning the Armenian Genocide Selected Documentary Evidence", "Haigazian Armenological Review", 2015, Beirut, pp. 559-572https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/1181Հեղինակը լուսարձակի տակ կ'առնէ Փետրուար 2014էն սկսեալ Թուրքիոյ բարձրագոյն պաշտօնատարներու կոչերը Արեւմտեան Աշխարհին չընդառաջելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առնչութեամբ առնուելիք քայլերուն։ Ան կ'առանձնացնէ այդ կոչերուն հիմք ծառայող թրքական առարկութիւնները՝ չգործուած ցեղասպանութիւն մը ճանչնալու, օսմանեան արխիւներու մէջ ցեղասպանական արարքը հաստատող փաստաթուղթերու չգոյութեան, օսմանեան արխիւներու մատչելիութեան եւ ընդհակառակը Հայաստանի արխիւներուն անմատչելիութեան եւն.: Հաւաստելով, որ բերուած թրքական առարկութիւնները սխալ ու կեղծ են, Մսըրլեան կը բերէ օսմանեան, գերմանական, աւստրիական, դանիական, իտալական եւ ամերիկեան արխիւային փաստաթուղթերէ փաստարկներ՝ հերքելով թրքական յայտարարութիւնները։ Մսըրլեան յստակ ակնարկութիւններ կը կատարէ նաեւ կարգ մը արխիւային փաստաթուղթերու ոչնչացման մասին, վկայակոչելով փճացման գործողութեանց փաստացի աղբիւրները։ Ապա ան կը բերէ նաեւ ատենի արեւմտեան մամուլէն հատուածներ եւ այս բոլորին վերլուծումով կ'ընդգծէ թրքական պետական ժխտողական քաղաքականութեան անհիմն ու ստապատիր ըլլալը:Turkish Falsehoods concerning the Armenian Genocide Selected Documentary Evidence