Christopher J. Walker2025-10-022025-10-021997Walker, C., J., "Britain and the Armenian Genocide: Reflections in 1995", "Haigazian Armenological Review", 1997, Beirut, pp. 107-116https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/767Հազար իննհարիւր տասնվեցին հրատարակելով The Treatment of Armenians in the Ottoman Empire հատորը՝ Անգլիան եղան առաջին երկիրը, որ ընդունեցաւ ստուգութիւնը Հայկական Տասնհինգին: Սակայն ընդունիլ թէ Անգլիան միշտ ալ թիկունք մնաց ժողովուրդներու դատին՝ հիմնական սխալ մըն է։ Ո՛չ միայն Տիզրայէլին՝ այլ անոր չափ Կլետսթընը նաեւ թոքամիտ էր, որուն համար հայութեան պաշտպանութութիւնը միշտ ալ մնաց ոչ թէ քաղաքականութեան խնդիր՝ այլ մանաւանդ՝ քարոզչութեան։ Ինչպէս Անգլիոյ՝ նոյնպէս նաեւ եւրոպական կարգ մը այլ երկիրներու թրքամէտ քաղաքականութիւնը յառաջացաւ անոնց հակառուս քաղաքականութենէն: Անգլիան հետեւեցաւ ռազմագիտական իր պահանջներուն, Ֆրանսան տնտեսական իր շահարկումներուն, մինչ Գերմանիան հիմնովին մերժեց մարդասիրական տուեալները, բոլորին մօտ ալ, սակայն, միշտ ալ անգոյ մնացին կրօնական նկատառումները: Սակայն հակառակ անգլիական թրքամէտութեան, որ տեւեց մինչեւ 1919, գտնուեցան Լորտ Պրայսի եւ Արնոլտ Թոյնպիի նման ազատականներ, որոնք կարողացան թիկունք կանգնիլ հայութեան եւ Հայկական Հարցին։ 1916ին լոյսին եկաւ Թոյնպիի խմբագրած The Treatmentը, ուր յստակօրէն դրուեր էին Հայկական Հարցը, անոր ընթացքն ու ճշմարտացիութիւնը։ Այսուհանդերձ ժամանակի անցքին հետ նահանջ մը արձանագրեց Թոյնպին, որուն համար հիմա իր անձը շատ աւելի կարեւոր էր քան ճշմարտութիւնը փաստերուն։ Անիկա վերածուեր էր կեդրոնաձիգ անձնաւորութեան մը, եւ նոյնիսկ շփոթող մը «Օսմանեան Կայսրութիւն» եւ «Թուրքիա» տարազները: Իրականութեան մէջ այս շփոթը կը տեսնուի հայ պատմաբաններու մօտ ալ: Թոյնպին անցաւ նոյնիսկ քայլ մը առաջ եւ եւ ինքզինքն ընծայեց տղայական եւ այդ ձեւով նպաստեց մոռացումին Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Հարցին: Սակայն Թոյնպին միակը չէր որ խօսեցաւ Հայկական Տասնհինգի մասին. կային նաեւ միջազգային բարեսիրական հաստատութիւններն ու անոնց ներկայացուցիչները, այսուհանդերձ՝ շարունակեց մոռացումի գործընթացը, ի՞նչ փոյթ որ Նոէլ Պաքսթընը շարունակեց մինչեւ 1928 մերթընդմերթ յիշեցնել Հայկական Տասնհինգը եւ անկէ յառաջացած զանազան խնդիրները։ Անգլիոյ մէջ մոռացումը ընծայուեցաւ իրաւ՝ հիմնական երկու պատճառներով։ Նախ՝ անգլիացին ուզեց մոռնալ պատերազմն ու անոր արհաիրքները, եւ ապա՝ յետպատերազմեան անգլիական ն տնտեսական քաղաքականութիւնն եկաւ օժանդակելու անոր: Հայկական Ցեղասպանութիւնը կարելի էր հեռու պահել մոռացումէ եթէ միայն հրատարակուէին լաւապէս փաստագրուած, արհաւիրքն ու արիւնումը ցուցահանող, եւ ժողովուրդի մը քայքայումը պատկերող գործեր։ Չեղաւ այսպէս սակայն։ Այժմ նոյնն է պարագան Արցախի համար ալ, որ մոռացումի մատնուելու վրայ է: Չկայ որեւէ գործ որ մանրամասնօրէն եւ քստմնելի գիծերով ներկայացնէ 1991ի Ապրիլին ցեղային եւ ազգային մաքրագործումը Գետաշէնին եւ Մարտունաշէնին։ Այժմ հազիւ թէ կան քանի մը գործեր մոռացութեան տրուած հայութեան, Հայկական Հարցին եւ Հայկական Տասնհինգի մասին։ Այս վերջիններուն յիշատակումը, նոյնիսկ իր ամէնէն թեթեւակի ձեւին մէջ, կը կատարուի Տիկ. Ֆրեյա Սթարքի, Ռոզ Մաքոլիի եւ Փաթրիք Քինրոսի (Լորտ Քինրոս) կողմէ: Իր Rome on the Euphrates: The Story of a Frontier (1966) գիրքին մէջ, Տիկ. Սթարք կը մոռնայ յիշել թէ Հայաստանն ու Քիւրտիստանը կայի՛ն երէկ եւ այսօր բաժնուած կը մնան Թուրքիոյ, Իրաքի եւ Պարսկաստանի միջեւ, եւ առ այդ՝ չե՛ն դադրիր իրականութիւն ըլլալէ այսօր։ Իրականութեան մէջ՝ անիկա կը մոռնայ որ այդ Հայաստան կոչուած հողամասին մէկ մասը Սովետական Հայաստանն էր իր գործին հրատարակութեան օրերուն։ Ասիկա ցոյց տուաւ տգիտութիւն մը Արեւելեան Հայաստանի մասին, եւ քաղաքական ստրկամտութիւն մը` Արեւմտեան Հայաստանի»։ Անգիտութիւն կամ տգիտութիւն՝ Տիկինը շատ է զգուշ՝ դուրս չգալու համար Անգլիոյ պետական քաղաքականութեան բնութագրումէն։ Սակայն Ֆրէյա Սթարքի օրերուն կան նաեւ հնագէտներ, որոնք իրենց կատարած պեղումներու ներկայացումին ատեն կը խուսափին բառը ու զայն կը փոխանակեն A Major an A Minor եզրերով։ Վաթսունականներու պաղ պատերազմի այն օրերուն, սակայն, կը գտնուին կարգ մը անգլիացի գրողներ եւ վիպագիրներ, որոնք չեն երկմտիր օգտագործելու «Հայաստան» անուանումը երէկի Օսմանեան Կայսրութեան եւ այսօրուան Թուրքիոյ արեւելեան հողամասերուն համար։ Այս վերջիններէն է վիպագիր եւ ճանապարհորդագիր Ռոզ Մաքոլին, որ The Towers of Trebizond սքանչելի իր վէպով կու տայ անուրանալի ներկայութիւնը հայուն՝ Տրապիզոնի մէջ թէ այլուր։ Վէպը որ գիտական ական գործ մը մը չէ բնաւ խորապէս պատմական է եւ ամբողջականօրէն կ'առընչուի հայութեան եւ անոր հող հայրենիքին իրաութեան եւ իրականութեան: Փաթրիք Քինրոսն իր կարգին շատ մօտիկէն կը քալէ Մաքոլիին, եւ հեռու կը կենայ պաղ պատերազմին քաղաքական եւ հաշուարկուած ազդեցութիւններէն: Որպէս կենսագիրը Քեմալ Աթաթուրքին՝ անիկա չի սակարկեր իր խօսքը հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին։ Արդէն 1946ին, Within the Taurus խորագրուած իր գործով անիկա ընդարձակ կերպով խօսեր էր հայուն մասին եւ անոր բնօրրանին, եւ սքանչելի էջեր նուիրեր Անիին եւ հայկական ճարտարապետութեան, այլ մանաւանդ անգօսներ թուրք եւ պաշտօնական կեցուածքը հայութեան հանդէպ եւ Հայաստանին: Իր Atatürk գործին մէջ՝ անիկա ոչ միայն կը խօսի թրքական բանակի ձախոողութիւններուն եւ պարտութիւններուն մասին 1916-1917ի ձմրան` այլ մանաւանդ ցոյց կու տայ թէ ինչո՞ւ են սննդեղէնի դժուարութիւններու մատնուեցան օսմանեան բանակները։ Ըստ անոր` «հայերը ջարդուած էին կամ զանգուածաբար տարագրուած, բառացիօրէն անապատի վերածելով երկիրը, առանց գիւղացիներու՝ որոնք հաց արտադրէին, եւ արհեստաւորներու` որոնք ապահովէին ծառայութիւնը։ «[Յետագային) քարայրներու մէջ գտնուեցան ամբողջ զօրաբաժիններ որոնք մահացեր էին անսուաղութենէ»: Այսուհանդերձ՝ Քինրոս չի պեղեր ալքերը Հայկական Տասնհինգի: Այսօր առկայ են այս բոլոր տեսակէտերը հա հայութեան մասին եւ Հայկական Ցեղասպանութեան, ատելին՝ կայ նաեւ այն կարծիքը թէ 1915ին հայերն էին ահաբեկիչները, թէպէտեւ կան քանի մը գրողներ, որոնք կը կատարեն որոշ մէկ գնահատանքը հայկական տեսակէտին։ Դժբախտաբար, սակայն, կը պակսին Մաքոլիի եւ Քինրոսի ատաղձէն գրողներ։Britain and the Armenian Genocide: Reflections in 1995