Vahram L. Shemmassian2026-01-292026-01-292014Shemmassian, L. V., "The Economy of Armenian Musa Dagh in the 19th and Early 20th Century", "Haigazian Armenological Review", 2014, Beirut, pp. 97-125https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/1133Մուսա Լեռան հայերը ԺԹ. դարուն եւ Ի. դարասկիզբին ունեցան կրօնական, կրթական եւ քաղաքական զարգացումներ: Այս զարգացումներով յառաջացած նոր պայմանները այս լեռնականները դուրս բերին իրենց կղզիացումէն ու 1915ին հասցուցին մինչեւ հերոսական կեցուածքի՝ Օսմանեան բանակին դէմ։ Տնտեսական կալուածը, սակայն, առհասարակ մնաց ենթակայ աւանդական ուժերուն կապալառուներու եւ հողատէրերու չարաշահումներուն, ծանր հարկերուն եւ հողագործութեան հնամենի միջոցներուն: Այդուհանդերձ, որոշ ազդակներ դրական համեստ զարգացում մը խթանեցին: Անոնցմէ էր հանգստեան կոչուած բրիտանացի դիւանագէտ մը, որ իր կեանքի մնացեալ տարիները անցուց շրջանին մէջ, նպատակ ունենալով բարելաւել ժողովուրդին վիճակը: Այլ գործօն մըն էր ներկայութիւնը պոլսահայու մը, որ իր Անտիոքի գրասենեակէն վերահսկեց մետաքսամշակութիւնը՝ Հալէպի նահանգին մէջ։ Եղան եւ երիտասարդ մուսալեռցիներ, որոնք արհեստագիտական փորձառութիւն ձեռք բերին Պրուսայի Մետաքսամշակութեան Հիմնարկին մէջ։ Յամենայնդէպս, հողամշակութեան, անասնաբուծութեան եւ առեւտուրի սահմանափակ առիթներն ու կոտորուելու մնայուն սարսափն ու անկայուն քաղաքական պայմանները Մուսա Տաղի բազմահարիւր երիտասարդներ պարտադրեցին գաղթել Մ. Նահանգներ աւելի ապահով ու խոստմնալից ասպարէզներ որոնելով: Ասոնցմէ շատեր այլեւս երբեք չտեսան իրենց ծննդավայրը։ Ուսումնասիրութիւնը հիմնուած է ճանապարհորդական գրականութեան, ականատեսի վկայութիւններու, չհրատարակուած յուշագրութիւններու, ատենի մամուլին վրայ, ինչպէս նաեւ Մ. Նահանգներու, Եւրոպայի ու Միջին Արեւելքի մէջ գտնուող հայ եւ օտար արխիւներու վրայ: Այս աղբիւրներէն շատեր առաջին անգամ է որ կ'օգտագործուին:The Economy of Armenian Musa Dagh in the 19th and Early 20th Century