Pascal Paboudjian2025-06-272025-06-271982-1984Paboudjian, P., Martyrium Armenien a Etage Ses Origines, Son Influence, Haigazian Armenological Review, 1982-1984, Beirut, pp. 59-94https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/633Վկայակոչելով հայ եւ օտար պատմագիրներն ու գիտնականները, ինչպէս նաեւ նկատի առնելով գիտական պեղումներու եւ իր անձնական հետազօտութիւններու արդիւնքները, հեղինակը կը հաստատէ թէ Վաղարշապատի մէջ Սահակ Պարթեւի կողմէ կառուցուած Սբ. Հռիփսիմեանց երկյարկանի վկայարանը քառասիւն ամպհովանի մըն էր՝ նման անոր որ քանդակուած է Օձունի դամբարանային կառոյցի Հիւսիսային կոթողի արեւելեան խորանին մէջ։ Այդ վկայարանը իր ներկայ ձեւաւորումը ստացած է Է. դարուն՝ Կոմիտաս Կաթողիկոսի գահակալութեան սկզբնական ժամանակամիջոցին։ Երկյարկանի մատուռներու կառուցումը յաճախակի երեւոյթ է Հայաստանի մէջ մինչեւ Ժ.Դ. դար: Իսկ իրանական դամբարանային աշտարակները միայն ԺԱ. դարուն է որ օժտուած են գետնափոր գերեզմանով եւ այս երեւոյթը անցեր է Ատրպատական՝ Ժ. Բ. եւ ԺԳ. դարերուն։ Իսկ աւելի ետք՝ գետնափոր գերեզմանը ստացեր է թրքական թուրպեհի ձեւը:Martyrium Armenien a Etage Ses Origines, Son Influence