Zaven Messerlian2025-11-262025-11-262008Messerlian, Z., "Armenian Participation in the Lebanese Legislative Elections during the Presidency of Elias Hraoui (1989-1998)", "Haigazian Armenological Review", 2008, Beirut, pp. 339-389https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/980Հեղինակը հիմնուելով ժամանակակից լիբանանահայ, առաւել՝ Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող մի քանի ֆրանսատառ, արաբատառ եւ անգլիատառ թերթերու, ինչպէս նաեւ անձնական հաղորդակցութեամբ կուտակցուած տեղեկութիւններու վրայ, հանգամանօրէն կը ներկայացնէ Լիբանանի 1996ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայկական մասնակցութիւնը Պէյրութի, Հիւսիսային Մեթնի եւ Զահլէի ընտրաշրջաններուն մէջ: 1996ի ընտրութիւններուն հայկական ազգային կուսակցութիւններէն իւրաքանչիւրը փորձ կատարելէ ետք խլելու պետական ցանկին հայկական աթոռներուն մեծամասնութիւնը, այլազան ճնշումներու հետեւանքով ի վերջոյ համաձայնեցան Պէյրութի ընտրութիւններուն մասնակցիլ հայկական միացեալ ցանկով մը, մաս կազմելով վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի ընտրացանկին, նախապէս համաձայնելով, որ Մեթնի Միշէլ Մըրի ցանկը պիտի ընդգրկէ ՀՅ Դաշնակցութեան թեկնածուն: Զահլէի մէջ ՀՅԴ որդեգրեց թեկնածութիւնը 1992ին իր թեկնածուն պարտութեան մատնած Ճորճ Քասարճիին, որ ընդունեց իրեն առաջարկուած կուսակցական հովանաւորութիւնը: Ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք, երեսփոխաններուն շնորհաւորական ընդունելութիւններէն սկսեալ նշմարելի եղաւ իւրաքանչիւր կողմի իր սեփական ուղին պահելու կամքը: Յօդուածը շարունակութիւնն է Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԻԱ., ԻԲ., ԻԳ., ԻԴ., ԻԶ. եւ ԻԷ. հատորներուն մէջ, նոյն հեղինակէն լոյս տեսած ուսումնասիրութեան:Armenian Participation in the Lebanese Legislative Elections during the Presidency of Elias Hraoui (1989-1998)