Matthias Bjornlund2026-01-222026-01-222012Bjornlund, M., "Recording Death and Survival: Karen Marie Petersen, Missionary Witness to Genocide", "Haigazian Armenological Review", 2012, Beirut, pp. 321-340https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/1087Դանիական միսիոնարական, նպաստամատոյցի եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան արխիւները հարուստ են Հայկական Ցեղասպանութեան նիւթերով: Այս նիւթերուն մէկ մասը արդէն հրապարակուած է գիրքերով կամ կայքէջերով: Սակայն կան տակաւին բազմաթիւ այլ փաստաթուղթեր եւ նիւթեր, որոնք կրնան լոյս սփռել Ցեղասպանութեան բազմաշերտ եւ բազատարր գործընթացին զանազան մանրամասնութեանց վրայ: Այս յօդուածով հեղինակը կը հրատարակէ այդ նիւթերէն երեքը, որոնք կը պատկանին Քարէն Փեթերսընի գրիչին. վերջինս, հանրածանօթ դանիացի այլ միսիոնար Մարիա Եաքոպսընի եւ երկու այլ միսիոնարներու՝ Ճենի Ճենսընի եւ Հանսին Մարչըրի կողքին, գործած է Մեզրէի եւ Խարբերդի շրջանին մէջ: Փեթերսըն տնօրէնուհին եղած է 1909ին Մեզրէի մէջ հիմնուած Էմմաուս որբանոցին եւ կարելիութիւնն ունեցած է վերապրողներէ վկայութիւններ հաւաքելու: Այստեղ ներկայացուած վկայութիւններէն երկուքը, կը թուին վերապրողներու կողմէ Փեթերսընի պատմուած պատումներ ըլլալ, իսկ երրորդին մէջ պատմուող դէպքերուն ինք անձամբ ականատես ու մասնակից դարձած է: Այս վկայութիւնները կը ծառայեն նաեւ Ցեղասպանութեան ընթացքին առեւանգուած հայուհիներու եւ հայ ընտանիքներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն հաւաքական պատումները յառաջացնելու գործին: Վկայութիւններէն առաջինը Փեթերսընին պատմուած է հայ կնոջ մը կողմէ 1927ին. անիկա Պիթլիաս-Բաղեէշէն բռնագաղթուած բազմանդամ ընտանիքի մը պատումն է եւ այդ ընտանիքին տասանորդումը՝ տեղահանութեան, բռնագաղթի ու անապատային անկարելի պայմաններուն բերումով: Ի տարբերութիւն առաջին պատումին կենսագրական տուեալներու գրեթէ չգոյութեան, երկրորդ վկայութիւնը ունի կենսագրական տուեալներ: Ան վկայութիւնն է էրզրումցի Սուարդ (Սիրվա՞րդ, Զուա՞րթ) Միքայէլեանին, որ 15 տարեկան էր 1918ին, երբ բերուած էր Էմմաուս որբանոց՝ մայրն ու քոյրը կորսնցնելէ ու թուրք պաշտօնատարի մը կողմէ շրջան մը առեւանգուած մնալէ ետք: Միքայէլեան կը պատմէ իր գողգոթան՝ Էրզրումէն մինչեւ Մուսուլ եւ փրկութւինը՝ Էմմաուս: Երրորդ վկայութիւնը «Տիկին Վերժին»ի տառապալից, բռնաբարեալ կեանքին մասին է: «Տիկին Վերժին» կը պատկանէր Խարբերդի բարեկեցիկ ընտանիքներու խաւին: Անոր ամուսինը շրջան մը ապրած էր Մ. Նահանգներ, ապա Լիվըրփուլ, ապա եկած Կիլիկիա, պսակուած Ատանա ծնած «Տիկին Վերժին»ի հետ, ու հաստատուած Խարբերդ: Ան վերականգնած ըլլալով իր օսմանեան հպատակութիւնը, զրկուած էր Միացեալ Նահանգներու պետական պաշտպանութենէն: Ցեղասպանութեան ատեն, ան սպաննուած էր քիւրտի մը կողմէ որ տիրացած էր թէ՛ անոր կալուածներուն եւ թէ՛ կնոջ՝ «Տիկին Վերժին»ին: Պատումը կը մանրամասնէ այդ կնոջ արգելափակեալ կեանքին տառապանքը Խարբերդի իր ամուսնական տան մէջ, որ վերածուած էր իր ամուսինը սպաննող քիւրտին քաղաքային բնակարանին: Փեթերսըն կը մանրամասնէ նաեւ իր անդուլ ճիգերը տարհամոզելու քիւրտը՝ յանուն «Տիկին Վերժին»ի ազատումին:Recording Death and Survival: Karen Marie Petersen, Missionary Witness to Genocide