Rober Koptaş2026-02-162026-02-162016Koptaş, R., "Krikor Zohrab: Ottoman-Armenian Intellectual and Political Activist", "Haigazian Armenological Review", 2016, Beirut, pp. 151-198https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/1206Ուսումնասիրութիւնը կ'ամբողջացնէ Հանդէսի նախորդ (35րդ) հատորին մէջ լոյս տեսած աշխատասիրութեան հենքին վրայ կը ներկայացնէ Գրիգոր Զօհրապի կենսագրութիւնը եւ լուսարձակի տակ կ'առնէ 1908ի սահմանադրութեան հռչակումով ծաւալ առած անոր քաղաքական գործունէութիւնը։ Զօհրապը կը ներկայացուի իբրեւ ատենի հայ քաղաքական շրջանակներու աշխուժ գործիչ եւ պոլսահայ կեդրոնական ներկայացուցիչ։ Ան իր բարեկամական զօրաւոր կապերով առնչուած էր նաեւ թուրք յառաջադէմ քաղաքական շրջանակներու։ Պատուակալ հիմնադիր-անդամ էր Ահրար Կուսակցութեան, միաժամանակ զօրաւոր պաշտպանը Իթթիհատին։ Կը վերլուծուի հակասութիւնը, որ գոյութիւն ունի Զօհրապի՝ իբրեւ կարծր քննադատ մը Իթթիհատի, բայց միաժամանակ զօրաւոր պաշտպանը անոր։ Հեղինակը կը հաւաստէ, որ Զօհրապ լաւ գիտէր Իթթիհատի շարքերուն մէջ գործող ազգայնական թուրքերու գոյութիւնը։ Միաժամանակ սակայն, ան կը հաւատար, որ նոյն այդ կուսակցութեան մէջ հաւաքուած են թուրք ազատամիտ տարրերը, որոնց թիկունք կանգնելով կարելի կ'ըլլար դառնալ սահմանադրական վարչակարգին պահպանումը եւ ամրապնդել տակաւ աճող օսմանականութեան գաղափարախօսութիւնը՝ միակ երաշխիքը հայերու ապահով գոյակցութեան՝ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ։Krikor Zohrab: Ottoman-Armenian Intellectual and Political Activist