Yeghia Tashjian2026-06-092026-06-092019Tashjian, Y., "To Mine or Not to Mine? A Post-Revolutionary Debate on Mining in Armenia", "Haigazian Armenological Review", 2019, Beirut, pp. 775-788https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/1358Ուսումնասիրութիւնը կը քննարկէ փաշինեանական յեղափոխութենէն ետք Հայաստանի Հանրապետութեան դիմագրաւած տնտեսական, աշխատանքային, ընկերային, առողջական այլեւայլ հարցերու քաղաքականութեան ուղեգիծ որդեգրելու մարտահրաւէրները: Յօդուածը համառօտակի կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան յետխորհրդային տնտեսական փոփոխութիւնները, կ'արժեւորէ զանոնք, կ'անդրադառնայ անոնց ունեցած հետեւանքներուն եւ կը ծանրանայ ՀՀ դիմագրաւած նոր խնդիրներուն: Տնտեսական բարեկարգումներու ծիրին առումով լուսարձակի տակ առնելով հանքարդիւնաբերութիւնը, յօդուածը կը կեդրոնանայ Ամուլսարի շուրջ յառաջացած տարակարծութեան եւ կը բարձրացնէ առողջութիւն-տնտեսական բարելաւում հակասութեան խնդիրը, մանաւանդ որ ՀՀի համար հումքի արդիւնաբերութիւնը կը նկատուի տնտեսական հիմնական բաղադրիչ: Յօդուածը կը քննարկէ այս ծիրին մէջ հայրենի բնակչութեան կարծիքի բեւեռացումը եւ պետութեան ինչպիսի քաղաքականութիւն մը որդեգրելու խնդիրը: Հեղինակը հայրենի տնտեսական քաղաքականութեան ուղեգիծի որդեգրումը կը նկատէ փաշինեանական մեծ քննափորձ՝ յեղափոխութեան օրերուն իր կատարած խոստումներուն եւ դառն իրականութեան դիմաց:To Mine or Not to Mine? A Post-Revolutionary Debate on Mining in Armenia