Vahram L. Shemmassian2026-02-042026-02-042015Shemmassian, V., L., "The Musa Dagh Resistance to the Armenian Genocide", "Haigazian Armenological Review", 2015, Beirut, pp. 137-184https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/1167Արխիւային, յուշագրական, տպագիր, ձեռագիր եւ այլ հարուստ նիւթերու հիմամբ հեղինակը կը ներկայացնէ Մուսա Լեռան հերոսամարտը՝ Աշխարհամարտի համապատկերին վրայ։ Երիտթուրք իշխանութիւն եւ քրիստոնեայ հայ փոքրամասնութիւն փոխյարաբերութիւնը տեղաւորելով ուժերու անհաւասարակշիռ յարաբերութեամբ դրսեւորուող հայեցակարգի մէջ, այդ ենթախորքին վրայ, հեղինակը թրքական գերակշիռ կողմին կամքի բռնի պարտադրանքի դրսեւորում կը նկատէ Հայոց հանդէպ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը եւ անոր մէկ մանրապատկերը հանդիսացող Մուսա Լեռան ինքնապաշտպանութիւնը: Հեղինակը կը ներկայացնէ ինքնապաշտպանութիւնը կանխող օսմանեան սեֆերպերլիքը՝ զօրակոչը, եւ մանրամասն կը նկարագրէ մուսալեռցիներու ընդառաջումը զօրակոչին՝ հակառակ տիրող անվստահութեան կասկածներուն։ Զինակոչիկները կ'ուղղուին Անտիոք, կ'արձանագրուին, սակայն անոնց մէկ մասը կը խուսափի ճակատ մեկնել Պալքանեան Պատերազմին (1912-1913) մասին օսմանեան բանակայիններու սարսափելի պատմութիւնները լսելով։ Միւս մասը կը միանայ օսմանեան բանակին, կը տարուի Հալէպի եւ Այնթապի շրջանները եւ ծանր պայմաններու մէջ կը պարտադրուի ճանապարհաշինութեան եւ խրամներ փորելու աշխատանքներուն, մինչ աւելի: Զօրակոչը ծանր կը կշռէ Մուսա Լեռան տնտեսութեան վրայ, կը հասնի սահմռկելի դէպքերը, տակաւ կը պարզուին 26 Յուլիս 1915ին Քհնյ քեսապահայերուն տեղահանութեան հրահանգը: 29 Յուլիսին, Աբրահամ Տէր Գալուստեանի Եողունօլուքի տան մէջ կը գումարուի ժողով մը՝ ճշդելու մուսալեռցիներու պատասխանը անխուսափելի տեղահանութեան հրահանգին: Ի վերջոյ ժողովականներուն երկու երրորդը կ'որոշէ հակառակիլ: 31 Յուլիս - 2 Օգոստոս շրջանին, մուսալեռցիք լեռ կը բարձրանան տեղահանութեան հրահանգը գործադրելու եկած օսմանցի զինուորներուն աչքին առջեւ: Հեղինակը նախ կը նկարագրէ հրահանգին ենթարկուողներուն ճակատագիրը, ապա կը ծանրանայ հակառակողներուն առած քայլերուն եւ դիմադրական շարժումի պատրաստութեան վրայ, ներկայացնելով վայրի ընտրութեան, հրամանատարութեան յառաջացման, զէնքի եւ դիմադրութեան միջոցներու հայթայթման, թիկունքի, հաղորդակցութեանց եւ պաշարի ապահովման, դիմադրական գիծերու եւ դիրքերու գոյացման աշխատանքները: Ուսումնասիրութիւնը քննական վերլուծութեամբ կը մանրամասնէ դիմադրողներուն հնարաւորութիւնները, առճակատումներու վայրերը, 7-8 Օգոստոսին ծայր առած կռիւներուն ընթացքը, պաշարեալ մուսալեռցիներու փրկութեան ընտրանքներու փնտռտուքները, աւելի քան քառասնօրեայ դիմադրութեան ընթացքը եւ հուսկ՝ ազատարար վայրէջքը լեռնէն ու ֆրանսական նաւերով լեռնականներուն փոխադրումը Փոր Սայիտի գաղթակայան, ուր վերջին խումբը կը հասնի Սեպտեմբեր 16ին։ Այս պատումին զուգահեռ, Շեմմասեան կը մէջբերէ թրքական տեսակէտերը պաշտպանող Էտուըրտ Էրիքսընի աշխատութեան համապատասխան տուեալները ու փաստերով կը հերքէ զանոնք, ինչպէս օրինակ կը ջրէ Էրիքսընի այն կարծիքը, թէ մարտեր կը մղուին Եողունօլուքի մէջ, որ բնաւ չի համապատասխաներ իրականութեան, որովհետեւ մուսալեռցիք, պաշարումէ զգուշանալով, սկիզբէն եւեթ հրաժարած էին որեւէ գիւղի մէջ համախմբուելէ:The Musa Dagh Resistance to the Armenian Genocide