Herve Georgelin2026-06-082026-06-082019Georgelin, H. "An Armenian Male Deportee's Vision of Women: Yervant Odian's Memories", "Haigazian Armenological Review", 2019, Beirut, pp. 183-205https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/1326Հայ երգիծագիր Երուանդ Օտեան, իր գրչակիցներէն շատերուն նման ենթարկուեցաւ աքսորի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն: Աքսորէն վերադարձին, սրատես Օտեան թուղթին դրաւ իր ականատեսի վկայութիւնները, որոշ գեղարուեստականութեամբ, «Անիծեալ Տարիներ (1914-1919)» վերնագրով: Յօդուածին հեղինակը կը ջանայ առանձնացնել Օտեանի հայեացքը՝ տեղահանութեան եւ աքսորի, կոտորածի ու ճգնաժամային այդ օրերուն հայ կնոջ կերպարին շուրջ: Գաղթական հայ կնոջ կենցաղը, մտածումները, վարուելակերպը, փորձութիւնները, վճռական, դերակատարութիւնը՝ անապատի տարիներուն լուսարձակի տակ կ'առնուին այստեղ: Յիրաւի, վճռական էր հայ կնոջ դերը Եղեռնի տարիներուն եւ այնուհետեւ, մանաւանդ որ հայ այրը ենթարկուած էր ոչնչացումի, եւ հայ կնոջ կը մնար ընտանիքի գոյատեւումն ու նոր սերունդի յառաջացումը: Հեղինակը կը հարցադրէ Օտեանի (իբրեւ պոլսեցի բարձրախաւ ընտանիքի զաւակ) հայեացքին վերատեսումը հայ կնոջ՝ իտես նոր իրավիճակին: Հուսկ, հեղինակը կը հարցադրէ եթէ Եղեռնի տարիներուն նոր ու առաւել վճռական դերեր ստանձնած հայ կինը պահպանեց իր դերն ու տեղը յետեղեռնեան եւ Սփիւռքի հայ ընտանիքին մէջ:An Armenian Male Deportee's Vision of Women: Yervant Odian's Memories