Payaslian, Simon2024-08-282024-08-282018Paylasian, S., The Legacy of the Armenian Community in Syria: A Century of Diasporic Existence, 1915-2015, Armenians of Syria, Conference Proceedings (24-27 May 2015), HU Press, Beirut, 2018, pp. 21-45https://doi.org/10.62811/adrc.aos.sp.001https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/348Հեղինակը կը ներկայացնէ սուրիահայութեան վերջին հարիւրամեակի աւանդը: Ան հակիրճ կ'անդրադառնայ գաղութին կազմաւորման՝ Ցեղասպանութենէն ետք, ապա եւ՝ կազմակերպման ու մշակութային վերելքին՝ մինչեւ Բ. Համաշխարհային Պատերազմ: Հիմնուելով սփիւռքագիտական տեսութիւններու վրայ, հեղինակը կը քննարկէ սփիւռքացման բարդութիւնները, ձեւափոխութիւնը՝ սկզբնական տարագիր փուլէն դէպի գաղութի եւ մշակոյթի կազմաւորումը, ինչպէս նաեւ փոփոխութիւնը՝ հայապահպանման հրամայականներուն հասկացութիւններուն մէջ: Զեկոյցը կը քննարկէ հայկական սփիւռքի գոյութիւնը պատկերող գրական նմուշներ: Հակառակ տարբեր քաղաքական եւ տնտեսական դժուարութիւններու, սուրիահայութիւնը՝ մինչեւ 1960ականներու սկիզբը, ականատես եղաւ մշակութային հսկայ բերքի: Հիմնուեցան հայկական հրատարակչատուներ եւ տարբեր քաղաքական երանգներու օրաթերթեր: Զեկոյցը համապատկեր մը կը ներկայացնէ այն ճիգերուն, որոնք կատարուեցան կրթական եւ մշակութային հաստատութիւններու, համայնքային կազմակերպութիւններու, կուսակցութիւններու եւ եկեղեցիներու կողմէ՝ մշակոյթի պահպանման եւ գաղութային կեանքին համար: Սուրիահայութիւնը Միջին Արեւելքի այլ գաղութներու կողքին, իբրեւ շտեմարան ծառայեց հայ լեզուի եւ մշակոյթի: 1940-60ականներուն Լիբանան գաղթած սուրիահայեր, ինչպէս եւ Արեւմուտք գաղթած միջին արեւելքցի հայեր նպաստեցին Արեւմուտքի գաղութներուն մշակութային երիտասարդացման: Հեղինակը կը քննարկէ յարաբերութեան բնոյթը հայկական գաղութին եւ հիւրընկալ ընկերութեան միջեւ, եւ կը պնդէ, որ հակառակ տասնամեակներու ձեռքբերումներուն, ներկայ քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով մեծ սպառնալիք յառաջացած է գաղութի գոյատեւման: Սուրիահայութեան պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ ընտանիքը, գաղութի կրթական հաստատութիւնները, եկեղեցիները, քաղաքական կուսակցութիւնները եւ մտաւորականութիւնը միաձուլուած՝ կը ձեւաւորեն անհատական եւ հաւաքական ինքնութիւնը եւ ազգային գիտակցութիւնը՝ իբրեւ անբաժանելի բաղադրիչը Սփիւռքի գոյութեան: Սուրիահայութեան պարագան կը հաստատէ, թէ Սփիւռքի հայօճախի մը մշակութային եւ ֆիզիքական գոյատեւումը կախեալ է հիւրընկալ ընկերութեան քաղաքական փոփոխականութենէն եւ անոր կառավարութեան վարած ընդհանուր քաղաքականութենէն:The Legacy of the Armenian Community in Syria: A Century of Diasporic Existence, 1915-2015