Armenian Participation in the Legislative elections during the Presidency of Michel Aoun (2016-)

Abstract
Նախքան 2018ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն անդրադառնալը, հեղինակը տուած է ընթացքը 2009ին ընտրուած խորհրդարանին պաշտօնավարութեան երկարաձգումին եւ 2013 ու 2014ին ծրագրուած ընտրութիւններուն, որոնք չկայացան: Իվերջոյ նախագահ Միշէլ Աունի ընտրութենէն ետք, գրեթէ մետասաներորդ ժամուն, համեմատական դրութեամբ եւ մէկ թեկնածուի քուէարկութեան դրութեամբ ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացաւ: Ընտրական նոր օրէնքը արգելք եղաւ հայկական միասնական ցանկի մը Պէյրութի մէջ: ՀՅԴ եւ ՍԴՀԿ գործակցեցան Պէյրութի Ազատ Հոսանք-Մուսթաքպալ ցանկին հետ: ՌԱԿ գործակցեցաւ Լիբանանեան Ուժերու հետ Պէյրութի եւ Մեթնի մէջ: Իսկ ՀՅԴ Մեթնի մէջ գործակցեցաւ Ազատ Հոսանք եւ Ղովմի Կուսակցութեան Դաշինքին հետ: Ընտրական նոր օրէնքին բերումով անհատ թեկնածուներ տեղ գտան քաղաքացիական ընկերութեան եւ Զահլէի մէջ հակընդդէմ ցանկերու վրայ: Ընտրութեանց արդիւնքն այն եղաւ, որ ՀՅԴ ունեցաւ երեք երեսփոխաններ (Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանդր Մաթոսեան) եւ վերակազմեց Հայկական Պլոքը, գործակցելով Ազատ Հոսանքին կազմած «Հզօր Լիբանան» խումբին հետ: Հայկական աւանդական միւս երկու կուսակցութիւնները աթոռ չունեցան: Երեք անհատական թեկնածուներ՝ Ժան Թալուզեան (որ ստացաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸի նեցուկը), Փոլա Եագուպեան եւ Էտի Տեմիրճեան ընտրուեցան: Նախորդ ընտրութիւններուն նման, միթինկներ եղան, բայց բուռն վէճեր ու կծու ընտրապայքար չմղուեցաւ: Ընտրութիւններէն ետք կառավարութեան կազմութիւնը ձգձգուեցաւ: Նոր կառավարութեան մէջ մտան Աւետիս Կիտանեան (Դաշնակ) եւ Րիշար Գույումճեան (Լիբանանեան Ուժեր): ՌԱԿ այս վերջինին դահլիճ ընդգրկուիլը նկատեց Լիբանանեան Ուժերու հետ իր համաձայնութեան դափնեպսակը:
Description
Keywords
Citation
Messerlian, Z., "Armenian Participation in the Legislative Elections during the Presidency of Michel Aoun (2016-)", "Haigazian Armenological Review", 2019, Beirut, pp. 647-684
DOI
Collections