Armenian Participation in the Lebanese Legislative Elections during the Presidency of Elias Hraoui (1989-1998) (Part I)
Date
2007
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Հեղինակը՝ հիմնուելով ժամանակակից լիբանանահայ, առաւել՝ Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող մի քանի արաբատառ ու ֆրանսատառ լրագիրներու նիւթերուն, լիբանանահայ քաղաքական գործիչներու յատուկ ասուլիսներու ընթացքին հաղորդած բանաւոր վկայութիւններու, ինչպէս նաեւ անձնական հաղորդակցութեամբ կուտակած տեղեկութիւններու վրայ, հանգամանօրէն կը ներկայացնէ լիբանահայ քաղաքական խմբաւորումներու կեցուածքը 1991ին կատարուած նշանակումներուն եւ 1992ին կայացած երկրի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին Հայ Առաքելական ու Հայ Կաթողիկէ համայնքներուն յատկացուած երեսփոխանական աթոռներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Աւետարանական համայնքի երեսփոխանական աթոռին շուրջ ծաւալած պայքարին: Այս կապակցութեամբ, կը քննուին նաեւ Լիբանանի միւս համայնքները ներկայացնող թեկնածուներու հետ հայ քաղաքական հակամարտ հոսանքներուն հաստատած ընտրական դաշինքները՝ տիրող քաղաքական վիճակի տուեալներու լոյսին տակ:
Հեղինակը կ'անդրադառնայ 1975-1989 երկարած Լիբանանի Պատերազմին եւ հայ կուսակցութեանց Դրական Չէզոքութեան քաղաքականութեան որդեգրումին եւ անոր շուրջ միասնական կեցուածքին, որ զարկ տուաւ հայ միջ-կուսակցական կանոնաւոր եւ արդիւնաշատ գործունէութեան: Սակայն, այս գործակցութիւնը իր ամբողջական վիճակով չի շարունակուիր 1989ին Թաէֆի Ազգային Ուխտով կայացած Լիբանանի Բ. Հանրապետութեան շրջանին: Արդարեւ, հայ կուսակցութիւններէն իւրաքանչիւրը կը փորձէ երեսփոխանական առաւելագոյն աթոռներու տիրանալ: Սակայ, եթէ 1991ին կայացած նշանակումներուն հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները չեն յանգիր համաձայնութեան, ապա 1992ի ընտրութեանց ՀՅԴ եւ ՍԴՀԿ ընտրութեանց կը ներկայանան միասնական ճակատով մինչ ՌԱԿ չի մասնակցիր ընտրութեանց՝ ընդառաջելով Քրիստոնեայ մեծամասնութեան՝ ընտրութիւններուն չմասնակցելու կոչերուն:
Յօդուածը շարունակութիւնն է Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԻԱ., ԻԲ., ԻԳ., ԻԴ., ԻԶ. հատորներուն մէջ, նոյն հեղինակէն լոյս տեսած ուսումնասիրութեան:
Description
Keywords
Citation
Messerlian, Z., "Armenian Participation in the Lebanese Legislative Elections during the Presidency of Elias Hraoui (1989-1998) (Part I)", "Haigazian Armenological Review", 2007, Beirut, pp. 311-341