Repository logo
  • English
  • Català
  • Čeština
  • Deutsch
  • Español
  • Français
  • Gàidhlig
  • Italiano
  • Latviešu
  • Magyar
  • Nederlands
  • Polski
  • Português
  • Português do Brasil
  • Suomi
  • Svenska
  • Türkçe
  • Tiếng Việt
  • Қазақ
  • বাংলা
  • हिंदी
  • Ελληνικά
  • Yкраї́нська
  • Log In
    New user? Click here to register.Have you forgotten your password?
Repository logo

Haigazian University

  • Communities & Collections
  • All of DSpace
  • English
  • Català
  • Čeština
  • Deutsch
  • Español
  • Français
  • Gàidhlig
  • Italiano
  • Latviešu
  • Magyar
  • Nederlands
  • Polski
  • Português
  • Português do Brasil
  • Suomi
  • Svenska
  • Türkçe
  • Tiếng Việt
  • Қазақ
  • বাংলা
  • हिंदी
  • Ελληνικά
  • Yкраї́нська
  • Log In
    New user? Click here to register.Have you forgotten your password?
  1. Home
  2. Browse by Author

Browsing by Author "Anahide Ter Minassian"

Now showing 1 - 2 of 2
Results Per Page
Sort Options
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    Lés Combats de Kévork L'affligé le Catholicos Kévork V Souréniantz Vechdali (1911-1930)
    (2009) Anahide Ter Minassian
    Գէորգ Ե. Սուրէնեանց Կաթողիկոսի կղերական կեանքի շրջանը կը զուգադիպի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ յատկանշական փոփոխութիւններու, որոնց ընթացքին ան յաջողեցաւ պահպանել ու փոխանցել Հայ Եկեղեցին իր յետնորդներուն: Օսմանեան եւ Ռուսական կայսրութեանց վերացումով անհրաժեշտ դարձաւ եկեղեցական նուիրապետութեան վերանշակումը: Աւելին, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գոյավիճակի փոփոխութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան հետ յարաբերութեան, Սփիւռքի հայութեան գոյառումին եւ նորաստեղծ համայնքներու կարգաւորման խնդիրներուն կողքին, Եկեղեցին դիմագրաւեց բարեկարգման շարժումներ: 1910ականներուն Եկեղեցին կ'ապրի երիտասարդ եւ երէց վարդապետերու բարեկարգչական առճակատումը: Ասոր հետեւանքով Գարեգին Յովսէփեան կը դադրեցուի Արարատի խմբագրութենէն, իսկ Երուանդ Տէր Մինասեան կը հանէ իր սքեմը: Մատթէոս Իզմիրլեան Կաթողիկոսի վախճանում՝ Դեկտեմբեր 1910ին, Գէորգ Ե. Սուրէնեանց կը դառնայ Կաթողիկոսական Տեղապահ եւ կ'ընտրուի կաթողիկոս՝ Ազատ Եկեղեցիի Խմբաւորում անուան տակ գործող բարեկարգչականներու պատուիրակութեան կաթողիկոսական ընտրութենէն քաշուելէ ետք: Նոյն շրջանին, թափ կ'առնէ Հայկական Հարցը Կաթողիկոսը Կոնդակով մը Պօղոս Նուպարին իրաւասութիւն կու տայ կազմելու եւ գլխաւորելու Ազգային Պատուիրակութիւնը: Ա. Աշխարհամարտը կը յեղաշրջէ առնուած քայլերը: Գէորգ Ե. կը ճգնի ապահովել աջակցութիւնը Ռուսաստանին, թափ կու տայ կամաւորական շարժումին: Պոլշեւիկեան յեղափոխութեամբ կը վերափոխուի արեւմտահայ ճակատագրին ընթացքը, Էջմիածինը կ'անջատուի պետութենէն եւ Վեհափառը կը լծուի ինքնիշխան կառոյցի վերածել Եկեղեցին: Միւս կողմէ, հակակշռելու համար արեւմտեան միսիոնարներու առաքելութիւնը, ան կը լծուի եկեղեցական բարեկարգութեան: 1918 Մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումը Եկեղեցին կը դնէ նոր իրավիճակի մէջ: 1920 Ապրիլ 11ին, Վրթանէս Փափազեանի թելադրանքով բոլոր հայ եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ այն 760 մտաւորականներուն եւ կղերականներուն համար, որոնք նահատակուեցան 1915ին: 1920 Յունուարին լոյս կը տեսնէ Էջմիածինը: Հայ Եկեղեցին կը դիմագրաւէ փորձութեան նոր շրջան մը, ու Գէորգ Ե. իր անուան կը կցէ Վշտալի մակդիրը: Խորհրդայնացմամբ Եկեղեցին ամբողջ քսան տարի կ'ենթարկուի ծանր հալածանքի՝ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ, կը գրաւուին անոր կալուածներն ու ինչքերը: Նոյն շրջանին, կը վերադասաւորուի Սփիւռքը, 1924ին կը կազմուի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը, Եկեղեցիին կը տրուին կարգ մը իրաւասութիւններ՝ արտասահմանի թեմերու առնչութեամբ: Դժուարութիւններ կը յառաջանան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար: Գէորգ Ե. Կաթողիկոս Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի հետ համախորհուրդ, կ'աջակցի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերակառուցման:
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    Mouch 1915 Selon Alma Johansson
    (1995) Anahide Ter Minassian
    Հակառակ որ հաստատուած իրականութիւն մըն է բնաջնջումը տարօնահայութեան՝ սակայն յարաբերաբար նուազագոյն չափով ծանօթ է անիկա պատմագրութեան մէջ։ Անիկա՝ Տարօնի Աշխարհն է որ ծնունդ տուաւ ինչպէս երէկի՝ նոյնպէս նաեւ այսօրուան բոլոր Սասունցի Դաւիթներուն, այսուհանդերձ հո՛ն էր որ գուցէ տեղի ունեցաւ ամենէն ամբողջականը Հայկական Տասնհինգի կոտորածներուն: Տալէ ետք դիրքն ու տեղանքը Մուշին եւ հայ եւ թուրք դերակատարները օրուան՝ Տէր Մինասեան նախ կու տայ դէպքերուն մէկ պատումը Հրանդին՝ հրաշքով մը ջարդերէն ազատուած տղու մը, եւ ապա՝ Ալմա Եոհանսոնին: Երկուքը կ'ամբողջացնեն զիրար։ Իրականութեան մէջ՝ Տէր Մինասեանի ուսումնասիրութիւնը կը կանգնի վրան անգլիացի Լինչի, հայ Վահան Փափազեանի եւ Հրանդի եւ շուէտուհի Ալմա Եոհանսոնի տուեալներուն։ Այս բոլորին մէջ նուազագոյն ծանօթն է վերջինը: Եոհանսոնը շուէտացի միսիոնարուհի մըն էր Մուշի գերմանական որբանոցին մէջ եւ առ այդ` ականատես վկան տեղի ունեցող բոլոր կոտորածներուն, որոնց մասին գրեց դէպքերէն լոկ մէկուկէս տասնամեակ ետք: Այսպէս էր որ 1930-ին Սթոքհոլմի մէջ լոյս տեսաւ իր Ett folk i landsflykt (Աքսորի մէջ ժողովուրդ մը, մատենիկը, որ ունէր 49 էջ գրութիւն՝ 12 լուսանկարներով։ Գործին յառաջաբանը կը պատկանէր Զիկրիտ Քուրքին։ Յաջորդ տարի, 1931-ին, Սթոքհոլմի մէջ ֆրանսերէնով լոյս տեսաւ Եոհանսոնի La vie des exilés arméniens (Գաղթական հայերու կեանքը) խորագրով գործը, մինչ շուէտական մամուլի մէջ անիկա չդադրեցաւ հրատարակելէ յօդուած յօդուածի ետեւէ: Շուէտաբնակ Պետրոս Զարդարեանն էր, որ 1979–ին հայերէնի թարգմանեց 1930–ի մատենիկը եւ յաջորդ տարին նաեւ որպէս թերթօն հրատարակուելէ ետք Փարիզի Աշխարհ շաբաթաթերթին մէջ՝ նոյն տարին իսկ, 1980–ին, լոյս տեսաւ որպէս հատոր՝ Արթիւր Պէյլերեանի յառաջաբանով: Սակայն բացայայտելու համար ինչո՞ւն ու ի՞նչպէսը Մուշի կոտորածին՝ Տէր Մինասեան առաւելաբար կը յենի Հրանդի եւ Ալմա Եոհանսոնի գործերուն ու կը կատարէ անոնցմէ ընդարձակ մէջբերումներ։ Այս ձեւո՛վ է որ առաջին անգամ ըլլալով շրջանառութեան մէջ կը մտնեն Մուշի հետ առընչուող հիմնական երկու գործեր։ Տէր Մինասեան կ'եզրակացնէ, թէ նոյնիսկ եթէ Ալմա Եոհանսոն դէպքերուն կը մօտենայ որպէս միսիոնարուհի եւ անոնցմէ ներս կը տեսնէ քրիստոնեայ եւ մահմետական բախում մը՝ իրականութեան մէջ «անիկա ցոյց կու տայ, որ դէպքերու շղթայազերծումը անոնց ոճրային տրամաբանութեամբ կը հնազանդի հայ ժողովուրդը բնաջնջելու օսմանեան իշխանութեան դիտումնաւոր մէկ կամքին»։
Haigazian Repository
For further information, please contact: Library@haigazian.edu.lb