Browsing by Author "Arto Tavukcyan"
Now showing 1 - 1 of 1
Results Per Page
Sort Options
Item The Case for Armenian Prayer Rugs(2022) Arto TavukcyanՈւսումնասիրութիւնը լուսարձակի տակ կ'առնէ հայկական աղօթագորգերու պարագան, հարցականի տակ դնելով ընդհանրապէս աղօթագորգերու իսլամական-թրքական ծագման վարկածը: Գիտական շրջանառութեան դրուած տեսակէտերու մեծամասնութիւնը աղօթագիրքը կը նկատէ թրքական-իսլամական: Հեղինակը կը հակադրուի այս տեսակէտին, նախ հարցականի տակ դնելով վերոյիշեալ ուսումնասիրութիւններուն անկողմնակալութիւնը, մանաւանդ որ անոնք ամբողջութեամբ կ'անտեսեն եւ շուքի մէջ կը պահեն հայկական աղօթագորգին գոյութեան փաստն ու անոր առանձնայատկութիւնները: Հուսկ, հեղինակը պատմական փաստարկումներով, օտար պատմիչներու եւ այլ վաւերական տուեալներու լոյսին տակ, բերելով նաեւ հայկական արձանագրութեամբ հայկական հնագոյն աղօթագորգեր, հայկական մանրանկարներու վկայակոչումով՝ ցոյց տալով նաեւ հայկական գորգերու յատակագծումի աղբիւրները՝ կը հերքէ աղօթագորգերու լոկ թրքական-իսլամական ըլլալու փաստը ու ամրօրէն կը տեղադրէ հայկական աղօթագորգերը աղօթագորգերու համաշխարհային քարտէսին վրայ: