Repository logo
  • English
  • Català
  • Čeština
  • Deutsch
  • Español
  • Français
  • Gàidhlig
  • Italiano
  • Latviešu
  • Magyar
  • Nederlands
  • Polski
  • Português
  • Português do Brasil
  • Suomi
  • Svenska
  • Türkçe
  • Tiếng Việt
  • Қазақ
  • বাংলা
  • हिंदी
  • Ελληνικά
  • Yкраї́нська
  • Log In
    New user? Click here to register.Have you forgotten your password?
Repository logo

Haigazian University

  • Communities & Collections
  • All of DSpace
  • English
  • Català
  • Čeština
  • Deutsch
  • Español
  • Français
  • Gàidhlig
  • Italiano
  • Latviešu
  • Magyar
  • Nederlands
  • Polski
  • Português
  • Português do Brasil
  • Suomi
  • Svenska
  • Türkçe
  • Tiếng Việt
  • Қазақ
  • বাংলা
  • हिंदी
  • Ελληνικά
  • Yкраї́нська
  • Log In
    New user? Click here to register.Have you forgotten your password?
  1. Home
  2. Browse by Author

Browsing by Author "Christopher J. Walker"

Now showing 1 - 2 of 2
Results Per Page
Sort Options
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    Britain and the Armenian Genocide: Reflections in 1995
    (1997) Christopher J. Walker
    Հազար իննհարիւր տասնվեցին հրատարակելով The Treatment of Armenians in the Ottoman Empire հատորը՝ Անգլիան եղան առաջին երկիրը, որ ընդունեցաւ ստուգութիւնը Հայկական Տասնհինգին: Սակայն ընդունիլ թէ Անգլիան միշտ ալ թիկունք մնաց ժողովուրդներու դատին՝ հիմնական սխալ մըն է։ Ո՛չ միայն Տիզրայէլին՝ այլ անոր չափ Կլետսթընը նաեւ թոքամիտ էր, որուն համար հայութեան պաշտպանութութիւնը միշտ ալ մնաց ոչ թէ քաղաքականութեան խնդիր՝ այլ մանաւանդ՝ քարոզչութեան։ Ինչպէս Անգլիոյ՝ նոյնպէս նաեւ եւրոպական կարգ մը այլ երկիրներու թրքամէտ քաղաքականութիւնը յառաջացաւ անոնց հակառուս քաղաքականութենէն: Անգլիան հետեւեցաւ ռազմագիտական իր պահանջներուն, Ֆրանսան տնտեսական իր շահարկումներուն, մինչ Գերմանիան հիմնովին մերժեց մարդասիրական տուեալները, բոլորին մօտ ալ, սակայն, միշտ ալ անգոյ մնացին կրօնական նկատառումները: Սակայն հակառակ անգլիական թրքամէտութեան, որ տեւեց մինչեւ 1919, գտնուեցան Լորտ Պրայսի եւ Արնոլտ Թոյնպիի նման ազատականներ, որոնք կարողացան թիկունք կանգնիլ հայութեան եւ Հայկական Հարցին։ 1916ին լոյսին եկաւ Թոյնպիի խմբագրած The Treatmentը, ուր յստակօրէն դրուեր էին Հայկական Հարցը, անոր ընթացքն ու ճշմարտացիութիւնը։ Այսուհանդերձ ժամանակի անցքին հետ նահանջ մը արձանագրեց Թոյնպին, որուն համար հիմա իր անձը շատ աւելի կարեւոր էր քան ճշմարտութիւնը փաստերուն։ Անիկա վերածուեր էր կեդրոնաձիգ անձնաւորութեան մը, եւ նոյնիսկ շփոթող մը «Օսմանեան Կայսրութիւն» եւ «Թուրքիա» տարազները: Իրականութեան մէջ այս շփոթը կը տեսնուի հայ պատմաբաններու մօտ ալ: Թոյնպին անցաւ նոյնիսկ քայլ մը առաջ եւ եւ ինքզինքն ընծայեց տղայական եւ այդ ձեւով նպաստեց մոռացումին Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Հարցին: Սակայն Թոյնպին միակը չէր որ խօսեցաւ Հայկական Տասնհինգի մասին. կային նաեւ միջազգային բարեսիրական հաստատութիւններն ու անոնց ներկայացուցիչները, այսուհանդերձ՝ շարունակեց մոռացումի գործընթացը, ի՞նչ փոյթ որ Նոէլ Պաքսթընը շարունակեց մինչեւ 1928 մերթընդմերթ յիշեցնել Հայկական Տասնհինգը եւ անկէ յառաջացած զանազան խնդիրները։ Անգլիոյ մէջ մոռացումը ընծայուեցաւ իրաւ՝ հիմնական երկու պատճառներով։ Նախ՝ անգլիացին ուզեց մոռնալ պատերազմն ու անոր արհաիրքները, եւ ապա՝ յետպատերազմեան անգլիական ն տնտեսական քաղաքականութիւնն եկաւ օժանդակելու անոր: Հայկական Ցեղասպանութիւնը կարելի էր հեռու պահել մոռացումէ եթէ միայն հրատարակուէին լաւապէս փաստագրուած, արհաւիրքն ու արիւնումը ցուցահանող, եւ ժողովուրդի մը քայքայումը պատկերող գործեր։ Չեղաւ այսպէս սակայն։ Այժմ նոյնն է պարագան Արցախի համար ալ, որ մոռացումի մատնուելու վրայ է: Չկայ որեւէ գործ որ մանրամասնօրէն եւ քստմնելի գիծերով ներկայացնէ 1991ի Ապրիլին ցեղային եւ ազգային մաքրագործումը Գետաշէնին եւ Մարտունաշէնին։ Այժմ հազիւ թէ կան քանի մը գործեր մոռացութեան տրուած հայութեան, Հայկական Հարցին եւ Հայկական Տասնհինգի մասին։ Այս վերջիններուն յիշատակումը, նոյնիսկ իր ամէնէն թեթեւակի ձեւին մէջ, կը կատարուի Տիկ. Ֆրեյա Սթարքի, Ռոզ Մաքոլիի եւ Փաթրիք Քինրոսի (Լորտ Քինրոս) կողմէ: Իր Rome on the Euphrates: The Story of a Frontier (1966) գիրքին մէջ, Տիկ. Սթարք կը մոռնայ յիշել թէ Հայաստանն ու Քիւրտիստանը կայի՛ն երէկ եւ այսօր բաժնուած կը մնան Թուրքիոյ, Իրաքի եւ Պարսկաստանի միջեւ, եւ առ այդ՝ չե՛ն դադրիր իրականութիւն ըլլալէ այսօր։ Իրականութեան մէջ՝ անիկա կը մոռնայ որ այդ Հայաստան կոչուած հողամասին մէկ մասը Սովետական Հայաստանն էր իր գործին հրատարակութեան օրերուն։ Ասիկա ցոյց տուաւ տգիտութիւն մը Արեւելեան Հայաստանի մասին, եւ քաղաքական ստրկամտութիւն մը` Արեւմտեան Հայաստանի»։ Անգիտութիւն կամ տգիտութիւն՝ Տիկինը շատ է զգուշ՝ դուրս չգալու համար Անգլիոյ պետական քաղաքականութեան բնութագրումէն։ Սակայն Ֆրէյա Սթարքի օրերուն կան նաեւ հնագէտներ, որոնք իրենց կատարած պեղումներու ներկայացումին ատեն կը խուսափին բառը ու զայն կը փոխանակեն A Major an A Minor եզրերով։ Վաթսունականներու պաղ պատերազմի այն օրերուն, սակայն, կը գտնուին կարգ մը անգլիացի գրողներ եւ վիպագիրներ, որոնք չեն երկմտիր օգտագործելու «Հայաստան» անուանումը երէկի Օսմանեան Կայսրութեան եւ այսօրուան Թուրքիոյ արեւելեան հողամասերուն համար։ Այս վերջիններէն է վիպագիր եւ ճանապարհորդագիր Ռոզ Մաքոլին, որ The Towers of Trebizond սքանչելի իր վէպով կու տայ անուրանալի ներկայութիւնը հայուն՝ Տրապիզոնի մէջ թէ այլուր։ Վէպը որ գիտական ական գործ մը մը չէ բնաւ խորապէս պատմական է եւ ամբողջականօրէն կ'առընչուի հայութեան եւ անոր հող հայրենիքին իրաութեան եւ իրականութեան: Փաթրիք Քինրոսն իր կարգին շատ մօտիկէն կը քալէ Մաքոլիին, եւ հեռու կը կենայ պաղ պատերազմին քաղաքական եւ հաշուարկուած ազդեցութիւններէն: Որպէս կենսագիրը Քեմալ Աթաթուրքին՝ անիկա չի սակարկեր իր խօսքը հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին։ Արդէն 1946ին, Within the Taurus խորագրուած իր գործով անիկա ընդարձակ կերպով խօսեր էր հայուն մասին եւ անոր բնօրրանին, եւ սքանչելի էջեր նուիրեր Անիին եւ հայկական ճարտարապետութեան, այլ մանաւանդ անգօսներ թուրք եւ պաշտօնական կեցուածքը հայութեան հանդէպ եւ Հայաստանին: Իր Atatürk գործին մէջ՝ անիկա ոչ միայն կը խօսի թրքական բանակի ձախոողութիւններուն եւ պարտութիւններուն մասին 1916-1917ի ձմրան` այլ մանաւանդ ցոյց կու տայ թէ ինչո՞ւ են սննդեղէնի դժուարութիւններու մատնուեցան օսմանեան բանակները։ Ըստ անոր` «հայերը ջարդուած էին կամ զանգուածաբար տարագրուած, բառացիօրէն անապատի վերածելով երկիրը, առանց գիւղացիներու՝ որոնք հաց արտադրէին, եւ արհեստաւորներու` որոնք ապահովէին ծառայութիւնը։ «[Յետագային) քարայրներու մէջ գտնուեցան ամբողջ զօրաբաժիններ որոնք մահացեր էին անսուաղութենէ»: Այսուհանդերձ՝ Քինրոս չի պեղեր ալքերը Հայկական Տասնհինգի: Այսօր առկայ են այս բոլոր տեսակէտերը հա հայութեան մասին եւ Հայկական Ցեղասպանութեան, ատելին՝ կայ նաեւ այն կարծիքը թէ 1915ին հայերն էին ահաբեկիչները, թէպէտեւ կան քանի մը գրողներ, որոնք կը կատարեն որոշ մէկ գնահատանքը հայկական տեսակէտին։ Դժբախտաբար, սակայն, կը պակսին Մաքոլիի եւ Քինրոսի ատաղձէն գրողներ։
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    Writing about the Armenian Genocide
    (1995) Christopher J. Walker
    Անկասկած դժուար կատարելի գործ մըն է գրել Հայկական Ցեղասպանութեան մասին, նախ` որովհետեւ շա՛տ է ընդարձակ նիւթը, եւ բազմաթիւ են դերակատարները ջարդերուն։ Ապա՝ կան անհամար ականատեսներ եւ յուշագրողներ։ Իրականութեան մէջ բարդ էին ժամանակները եւ բիրտ՝ գործադրութիւնը ցեղասպանութեան։ Աւելին՝ դժուար ընկալելի եւ լուծելի խնդիր է ցեղասպանութեան հարցը, որովհետեւ հայկական ջարդերուն առընչուած հայերուն համար այժմ գրեթէ անկարելի է չըլլալ զգացական եւ չկորսնցնել պաղարիւն դատումը եւ գնահատումը դէպքերուն։ Թէպէտեւ սկզբնական շրջանին ընդհանուր ճանաչում գտած իրականութիւն մըն է Հայկական ցեղասպանութիւնը` սակայն ժամանակը կու գայ զայն հրելու ետ եւ անոր փոխան յաղթականներուն եւ մնացեալ բոլոր ժողովուրդներու սեղաններուն վրան դնելու քաղաքական, տնտեսական, զինուորական եւ կայսերապաշտական զանազան նկատումները, եւ այդ ձեւով հրապարակ քաշելու որոշ թիւ մը թրքասէրներու, եւ դժուարին կացութեան մատնելու ընդունումն ու ճանաչումը Հայկական Տասնհինգին: Ա՛յս իսկ պատճառով այժմ անհրաժեշտ է փաստել եւ փաստարկել անհերքելիութիւնը եւ վաւերականութիւնը Հայկական Ցեղասպանութեան: Առ այդ քննութեան սեղանին բերելու է փաստաթուղթերուն հետ յուշագրութիւններ, բանաւոր վկայութիւն, ժամանակակիցներու թղթակցութիւններ, պետական արխիւային նիւթեր, եւ այն բոլոր մնացեալները որոնց առկայութիւնը օժանդակութիւն մըն է քննարկումին եւ վճիռին համար Հայկական Տասնհինգին։ Սակայն հոս ալ անհրաժեշտ է ըլլալ զգոյշ եւ գիտնալ թէ ինչո՞ւ է գոյութեան կոչուած տուեալ գործ մը, տուեալ փաստաթուղթ մը։ Այսպէս՝ պէտք է գիտնալ թէ ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս հրապարակ իջան Թոյնպի/Պրայսի փաստաթուղթերու հատորը, եւ Լեփսիուսի հաւաքածոն գերման փաստաթուղթերու, որոնց բովանդակութիւնը կը մնայ անհերքելի: Ապա՝ անհրաժեշտ է մատչիլ թուրք զինուորականներու յուշագրութիւններուն, որոնցմէ Քիազիմ Գարապեքիրինը, Մահմուտ Քեմալինը, եւ Վեհիպ փաշայինը նոյնքան կարեւոր են յուշերը Ֆալիհ Րըֆքըի եւ Մեվլանզատէի: Յետոյ՝ պէտք է դիմել տակաւին յուշագրութիւններուն գերման եւ աւստրիացի զինուորականներուն, որոնց տէրութիւնները դաշնակիցներն էին Օսմանեան Կայսրութեան, եւ անոնց հետ նաեւ Փոմիանքովսքիինը։ Պէտք չէ դեռ մտահան ընել յուշերը զանազան քաղաքագէտներուն, որոնք մօտ են կամ հեռու են առնչուած կը մնան Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին եւ անոր հետ` Հայկական Ցեղասպանութեան: Այսուհանդերձ մեծ զգուշութեամբ մատչելու է օսմանեան պետական արխիւային նիւթերուն, որովհետեւ Հայկական Տասնհինգի գործադրութեան մէջ կայ երկակիութիւն մը փաստաթուղթերու, որոնցմէ լո՛կ մէկ տեսակն է որ զետեղուած կը մնայ արխիւներէն ներս, մինչ միւսը, որ ուղղակի կը հրահանգէր ջարդն ու սպանդը փճացուած է արդէն. իսկ եթէ անհրաժեշտ է օգտագործել առկայ փաստաթուղթերը անհրաժեշտ է զանոնք կարդալ տողընդմէջ, ուր միշտ թաքնուած կը մնան որոշ ճշմարտութիւններ: Նոյնքան կարեւոր են արխիւային նիւթերն ամերիկեան, անգլիական, ֆրանսական, գերմանական, աւստրիական եւ չէզոք այլ պետութիւններուն, եւ կրօնական զանազան առաքելութիւններուն: Այս վերջինները տակաւին կը մնան չպեղուած, եւ առ այդ՝ կոյս եւ չօգտագործուած: Անհրաժեշտ է ձեռք զարնել կարգ մը դեսպաններու եւ հիւպատոսներու յուշագրութիւններուն, սակայն զգոյշ կերպով վարուելու է ամերիկեան դեսպան Մորկընթոյի յուշագրութեան հետ եւ նախ գտնել թէ ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս գրուեցան անոնք եւ տրուեցան լոյսին: Զգոյշ ըլլալու է նաեւ Ծովակալ Մարք Պրիսթոյի հեռագիրներու օգտագործումին մէջ, եւ մի՛շտ ալ նկատի առնելու է անոնց ժամանակագրութիւնը (զոր կամաւոր կերպով կը մոռնայ թրքական պատմագրութիւնը) պարզօրէն անոր համար, որ Պրիսթոլ Պոլիս հասաւ միայն 1919-ի Օգոստոսին, եւ առ այդ Հայկական Տասնհինգի մասին իր իշխանութիւններուն յղած հեռագիրները անմիջական կերպով չեն առընչուիր անոր՝ այլ յետագային կազմուած անձնական կարծիքներու հայելին են եւ ո՛չ թէ ճշմարիտ իրականութեան: Այսպէս չէ սակայն պարագան Լուիս էյնսթայնի Ներքին Պոլիսը հատորին եւ «Հայկական ջարդերը» յօդուածին (1917), որոնք կու տան յստակ մէկ պատկերը թուրք պետական, ընկերային, տնտեսական եւ զինուորական մթնոլորտին, որուն մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը։ Աւելի եւս յստակ ընծայելու համար այս մթնոլորտը՝ այժմ անհրաժեշտ է դիմել այն բոլոր թղթակցութիւններուն, որոնք կը համընկնին ցեղասպանութեան շրջանին: Սակայն լրիւ կերպով ընկալելի ընծայելու համար թուրք ազգայնական, թրքական, համաթրքական եւ համաթուրանական այն հոսանքները, որոնք մեծ դեր խաղացին ստեղծելու համար հոգեկան եւ հոգեբանական եւ զգացական այս մթնոլորտը՝ տակաւին անհրաժեշտ է անպայման սեղանի վրան ունենալ Չիա Կեօքալփին, Թեքին Ալփին եւ Եուսուֆ Աքչուրաօղլուին: Նոյնքան կարեւոր է ուսումնասիրութիւնը անոնց կենսագրութեան եւ անհատական կեանքին: Ի վերայ այսր ամենայնի՝ պէտք չէ մոռնալ Մասնաւոր Կազմակերպութիւնը զոր գոյութեան կոչեցին Երիտասարդ-թուրք Կուսակցութիւնը եւ անոր կազմած պետութիւնը, եւ որուն առաքելութիւնն էր աւարառումը, պղծումը եւ սպանդը հայ ժողովուրդին: Այս բոլորէն ետք, սակայն, երբ կը փորձուի գրել Հայկական Ցեղասպանութեան մասին՝ ուշադիր պէտք է ըլլալ ճշգրտութիւնը անուններուն, տեղանուններուն եւ թուականներուն: Այս բոլորին մէջ հետամուտ ըլլալու է ժամանակագրութեան եւ տրուող թուականներու թրքական-արեւելեան եւ Եւրոպական-արեւմտեան տարբերակումին, եւ անուններու կրած փոփոխութիւններուն՝ մանաւանդ քեմալական շրջանէն ետք: Իրականութիւններ են այս բոլորը, զորոնք թրքական իշխանութիւններուն հետ պատմագրութիւնն ալ գիտակցօրէն կ'անտեսէ՝ յայտարարելու համար, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, ոչ՝ տեղափոխումը, կատարուեցաւ պարզօրէն հայերու յեղափոխութիւն ստեղծելու համար յառաջացուցած ըմբոստութիւններէն, մինչ, իրականութեան մէջ, կար ո՛չ հայկական յեղափոխութիւն եւ ոչ ալ որեւէ ըմբոստութիւն. նոյնիսկ Վանինը ինքնապաշտպանութիւն մըն էր անոպայ իշխանութեան մը եւ անոր բանակայիններուն դէմ։
Haigazian Repository
For further information, please contact: Library@haigazian.edu.lb