Browsing by Author "Claude Mutafian"
Now showing 1 - 1 of 1
Results Per Page
Sort Options
Item The Armenian Church and the Papacy During the Last Century of Cilician Armenia (1275-1375)(2016) Claude MutafianՈւսումնասիրութիւնը կը քննարկէ Կիլիկեան հայկական պետութեան 1275–1375 շրջանին դիմագրաւած քաղաքական եւ զինուորական մարտահրաւէրները եւ անոնց յաղթահարման փորձերը։ Արդարեւ, Մոնկոլական Կայսրութեան տկարացումը, Եգիպտոսի մեմլուքներու Կիլիկիա արշաւանքը (1266) եւ աճող սպառնալիքը պատճառներ էին, որ հայկական պետութիւնը ելքեր որոնէր յառաջացող վտանգալից կացութենէն։ Տագնապալի այս կացութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Պապականութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ միջեւ 1198ին ջերմացած յարաբերութիւնները սերտացման հանգրուան թեւակոխեն։ Այս ընթացքին նպաստեցին նաեւ մոնկոլներուն տկարացումը եւ ֆրանչիսկեան առաքելութեան աշխուժացումը Կիլիկիոյ մէջ։ 1289ին, Լեւոն Բ.ի մահը նոր դուռ բացաւ դէպի Կիլիկիա՝ լատին թափանցումին առջեւ։ Լեւոն Բ-ի որդին՝ Հեթում Բ.ը, բացայայտ պաշտպան էր երկու եկեղեցիներու միութեան։ Ուսումնասիրութիւնը կը վերլուծէ Կիլիկեան Հայաստանի վերջին հարիւրամեակի քաղաքական, զինուորական եւ կրօնական (ներառեալ Արեւելեան Հայաստանի կրօնաւորներուն) հակադիր գործօնները՝ ի տես հայկական պետութեան ոչնչացման ահագնացող սպառնալիքին, ու կը մանրամասնէ այս ենթահողին վրայ Պապականութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ փոխյարաբերութիւնները։