Repository logo
  • English
  • Català
  • Čeština
  • Deutsch
  • Español
  • Français
  • Gàidhlig
  • Italiano
  • Latviešu
  • Magyar
  • Nederlands
  • Polski
  • Português
  • Português do Brasil
  • Suomi
  • Svenska
  • Türkçe
  • Tiếng Việt
  • Қазақ
  • বাংলা
  • हिंदी
  • Ελληνικά
  • Yкраї́нська
  • Log In
    New user? Click here to register.Have you forgotten your password?
Repository logo

Haigazian University

  • Communities & Collections
  • All of DSpace
  • English
  • Català
  • Čeština
  • Deutsch
  • Español
  • Français
  • Gàidhlig
  • Italiano
  • Latviešu
  • Magyar
  • Nederlands
  • Polski
  • Português
  • Português do Brasil
  • Suomi
  • Svenska
  • Türkçe
  • Tiếng Việt
  • Қазақ
  • বাংলা
  • हिंदी
  • Ελληνικά
  • Yкраї́нська
  • Log In
    New user? Click here to register.Have you forgotten your password?
  1. Home
  2. Browse by Author

Browsing by Author "Hasmig Kelligian Baran"

Now showing 1 - 1 of 1
Results Per Page
Sort Options
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    The Role of Ethnic Culture in Work-Family Balance among Armenian Women in Leadership Positions in Higher Education in the United States
    (2020) Hasmig Kelligian Baran
    Ուսումնասիրութիւնը լուսարձակի տակ կ'առնէ Մ. Նահանգներու բարձրագոյն կրթասպարէզի ղեկավար դիրքի երեք հայ կիներու՝ իրենց աշխատանքն ու ընտանիքը հաւասարակշռելու փորձը, որ ունի ընկերային այժմէականութիւն: Ուսումնասիրութիւնը կ'առանձնացնէ դիմագրաւուած մարտահրաւէրները եւ յաղթահարելու համար որդեգրուած ռազմավարութիւնները: Հաւասարակշռումը իրագործելու համար առանձնացուած են նաեւ ասպարէզային եւ անհատական աջակցութեանց համակարգերը, ներառեալ՝ էթնիք մշակոյթը: Մարտահրաւէրները արդիւնքն էին արհեստավարժ եւ տանտիկին կրկնակի դերին եւ պատասխանատուութեան պահանջներուն, ի դիմաց՝ սեռոյթի կարծրատիպերու եւ արհեստավարժութեան զիջումներ ու անհատական զոհողութիւններ յարաբերակցութեան: Յառաջացած արհեստավարժ եւ անհատական աջակցութիւնը նպաստած է աշխատանք-ընտանիք հաւասարակշռութեան գոյառումին: Անհատական աջակցութեան առաջին աղբիւրը եղած է ընտանիքը, ծնողքը, ամուսինը՝ իրենց զաւակներու հոգատարութեան եւ կրթական ուղիի ընթացման առումով: Միւս կողմէ պաշտօնակիցներու, հաստատութենական կանոնագրական տրամադրութիւններն ու միջոցներու արհեստավարժ վարժանքները, ուղղորդումը եւ մենտորութիւնը եւս նպաստած են անոնց աշխատանք-ընտանիք հաւասարակշռութեան յաջողացման: Յառաջացնելու համար այս հաւասարակշռութիւնը անոնք գործադրած են այլազան ռազմավարութիւն. աշխատանքն ու ընտանիքը դարձած են իրենց տեսադաշտը, իրենց կարողութեան լաւագոյնով կատարած են իրենց պատասխանատուութիւնները եւ ապահոված ընտանիքին բարօրութիւնը, յառաջացուցած աշխատանքի դրական միջավայր՝ մասնակցային եւ ժողովրդավար առաջնոդի մօտեցումներ որդեգրելով, ժամանակը վարած են արդիւնաւորապէս, կանխաւ ծրագրելով եւ ծրագիրը բաժնեկցելով առնչակցիներուն: Զգօն ճիգով սորված են նման այլ կիներու փորձառութենէն, երկու դերերը դիտարկած իբրեւ յարիր եւ փոխադարձաբար օգտակար համարկած զանոնք: Վերջապէս, հայ կնոջ էթնիք մշակոյթը՝ ընտանիքին մէջ արմատաւորուած կորիզային արժէքները, ինչպէս՝ կրօնք, կրթութիւն, ուսում եւ պատմութւին, յատկանշականօրէն ներշնչած են զանոնք եւ խթանած՝ գերազանցելու իրենց առաջնորդողի մղումը եւ յաջողելու հաւասարակշռել աշխատանքն ու ընտանիքը:
Haigazian Repository
For further information, please contact: Library@haigazian.edu.lb