Browsing by Author "Herve Georgelin"
Now showing 1 - 1 of 1
Results Per Page
Sort Options
Item An Armenian Male Deportee's Vision of Women: Yervant Odian's Memories(2019) Herve GeorgelinՀայ երգիծագիր Երուանդ Օտեան, իր գրչակիցներէն շատերուն նման ենթարկուեցաւ աքսորի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն: Աքսորէն վերադարձին, սրատես Օտեան թուղթին դրաւ իր ականատեսի վկայութիւնները, որոշ գեղարուեստականութեամբ, «Անիծեալ Տարիներ (1914-1919)» վերնագրով: Յօդուածին հեղինակը կը ջանայ առանձնացնել Օտեանի հայեացքը՝ տեղահանութեան եւ աքսորի, կոտորածի ու ճգնաժամային այդ օրերուն հայ կնոջ կերպարին շուրջ: Գաղթական հայ կնոջ կենցաղը, մտածումները, վարուելակերպը, փորձութիւնները, վճռական, դերակատարութիւնը՝ անապատի տարիներուն լուսարձակի տակ կ'առնուին այստեղ: Յիրաւի, վճռական էր հայ կնոջ դերը Եղեռնի տարիներուն եւ այնուհետեւ, մանաւանդ որ հայ այրը ենթարկուած էր ոչնչացումի, եւ հայ կնոջ կը մնար ընտանիքի գոյատեւումն ու նոր սերունդի յառաջացումը: Հեղինակը կը հարցադրէ Օտեանի (իբրեւ պոլսեցի բարձրախաւ ընտանիքի զաւակ) հայեացքին վերատեսումը հայ կնոջ՝ իտես նոր իրավիճակին: Հուսկ, հեղինակը կը հարցադրէ եթէ Եղեռնի տարիներուն նոր ու առաւել վճռական դերեր ստանձնած հայ կինը պահպանեց իր դերն ու տեղը յետեղեռնեան եւ Սփիւռքի հայ ընտանիքին մէջ: