Browsing by Author "Jon Armajani"
Now showing 1 - 2 of 2
Results Per Page
Sort Options
Item Syria's Constitutions and their Relationships to Minorities(2018) Jon ArmajaniԶեկոյցը կը համեմատէ եւ կը հակադրէ Սուրիոյ 1973ի եւ 2012ի սահմանադրութիւններուն տրամադրութիւնները՝ փոքրամասնութիւններուն հանդէպ: Ան հակիրճ տեղեկութիւններ կը փոխանցէ թէ՛ նախապետական եւ թէ՛ յետանկախական Սուրիոյ սահմանադրւթիւններուն մասին: Զեկոյցը կը վերլուծէ Սուրիոյ սահմանադրութեան հինգ սկզբունքները, թէ՝ սուրիական յեղափոխութիւնը (այն, որ իշխանութեան հասցուց Պաաս Կուսակցութիւնը) արաբական լայնածիր յեղափոխութեան մաս մըն է, եւ թէ՝ արաբական որեւէ պետութեան ուղղուած սպառնալիք կը վերաբերի ամբողջ արաբական աշխարհին, թէ՝ Սուրիան կը պայքարի սիոնականութեան եւ կայսերապաշտութեան դէմ, թէ՝ ազատութիւնը սրբազան իրաւունք է եւ ժողովրդավարութիւնը կառավարման իտէալական ձեւն է, եւ թէ՝ արաբական յեղափոխութիւնը մեկուսացուած երեւոյթ չէ, այլ՝ համաշխարհային շարժումի մը մէկ մասնիկը: 2012ի սահմանադրութիւնը չի յիշատակեր Պաաս Կուսակցութիւնը իբրեւ «ազգին եւ ընկերութեան ղեկավար»: Զեկոյցը կը վերլուծէ այս սահմանադրութեան տարբեր յատկանիշերը 1973ի սահմանադրութեան հինգ սկզբունքներուն եւ այլ յատկանիշերու կողքին, կը քննարկէ անոր դրոյթներուն հետեւանքները կրօնական փոքրամասնութիւններուն, ներառեալ՝ սուրիահայերուն վրայ: Ան կը վերլուծէ նաեւ արաբականութեան տարբեր՝ աշխարհիկ եւ կրօնական գաղափարախօսութիւնները, իսլամական Ահլ Ալ Քիթապ եւ Զիմմի հասկացութիւնները, ու անոնց հետեւանքները՝ կրօնական փոքրամասնութիւններուն վրայ: Այս յենքին վրայ, զեկոյցը կը քննարկէ սիւննի խումբերու դերը, ինչպէս՝ Տահէշի՝ Սուրիոյ մէջ, բաղդատելով սուրիահայերուն դիմագրաւածը՝ այս խմբակցութիւններէն՝ համիտեան ջարդերուն (1894-1896) եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ: Զեկոյցը կ'եզրափակուի քննարկելով կրօնական փոքրամասնութիւններուն հաւանական ապագան Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ:Item The Armenian Diaspora and Modern Political Systems(2026) Jon ArmajaniThe book examines the relationships among the Armenian diaspora, constitutions, and political systems in twelve countries in the Middle East, Africa, and eastern Mediterranean which have significant Armenian populations. Within this framework, the book analyzes minority rights, cultural rights, freedom of press, speech, and religion as well as citizenship, residence status, immigration and emigration, and personal status laws related to marriage, divorce, and inheritance. At the same time, the book considers the histories of each of the constitutions, the contexts in which they were drafted, and the respective governments which relate to those constitutions, while analyzing the contexts in which Armenians, and other religious and ethnic minorities, relate to those constitutions and pertinent laws. The book also analyzes various aspects of diaspora Armenians’ relationships with Armenian institutions as well as the people and institutions that comprise the dominant cultures of the countries, in which Armenians live.