Repository logo
  • English
  • Català
  • Čeština
  • Deutsch
  • Español
  • Français
  • Gàidhlig
  • Italiano
  • Latviešu
  • Magyar
  • Nederlands
  • Polski
  • Português
  • Português do Brasil
  • Suomi
  • Svenska
  • Türkçe
  • Tiếng Việt
  • Қазақ
  • বাংলা
  • हिंदी
  • Ελληνικά
  • Yкраї́нська
  • Log In
    New user? Click here to register.Have you forgotten your password?
Repository logo

Haigazian University

  • Communities & Collections
  • All of DSpace
  • English
  • Català
  • Čeština
  • Deutsch
  • Español
  • Français
  • Gàidhlig
  • Italiano
  • Latviešu
  • Magyar
  • Nederlands
  • Polski
  • Português
  • Português do Brasil
  • Suomi
  • Svenska
  • Türkçe
  • Tiếng Việt
  • Қазақ
  • বাংলা
  • हिंदी
  • Ελληνικά
  • Yкраї́нська
  • Log In
    New user? Click here to register.Have you forgotten your password?
  1. Home
  2. Browse by Author

Browsing by Author "Manuel M. Jinbashian"

Now showing 1 - 2 of 2
Results Per Page
Sort Options
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    Armenian Nationalism and the Evangelical Movement
    (1996) Manuel M. Jinbashian
    Հակառակ ոմանց այն կարծիքին եւ համոզումին թէ Հայ Աւետարանական Շարժումը հետեւանքն էր մէկ կողմէ օտար միսիոնարներու ճիգերուն եւ միւս կողմէ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան ձեռք առած խստութիւններուն հակաեկեղեցական շարժումներու դէմ, եւ թէ անիկա իր գոյառումի առաջին իսկ օրէն կը միտէր պառակտել հնադարեան Մայր Եկեղեցին` փաստերը ցոյց կու տան սակայն, որ անիկա ծնունդն էր բարենորոգչական ընդհանուր այն հոսանքին եւ անոր ընկերացող ազգային ու ազգայնական գիտակցութեան, ազատութեան եւ իրաւունքի հասկացողութեան, որոնք իրենցմէ ներս առին ո՛չ միայն Օսմանեան Կայսրութեան հայ համայնքը այլեւ ամբողջ կայսրութիւնը։ Այս կացութիւնն օգտագործուեցաւ արեւմտեան միսիոնարութեան կողմէ, ի՞նչ փոյթ որ ամերիկեան միսիոնարութեան զանազան ներկայացուցիչներ յաճախակիօրէն հաստատած ըլլային իրենց տեղեկագիրերով թէ իրենք Արեւելք էին հասեր պարզօրէն հոն բերելու համար Աւետարանին լոյսը եւ չէին միտեր միջամուխ ըլլալ արեւելեան եկեղեցիներու ներքին կարգ ու սարքին, հաւատամքին են գործունէութեան: Փաստերը սակայն, եւ նոյնիսկ կարգ մը տեղեկագիրերն անոնց՝ այդ միսիոնարներուն, ցոյց կու տան, թէ անոնցմէ ոմանք, եւ բազմաթիւ էին անոնք, վարեցին պառակտիչ գործունէութիւն, քաջալերեցին Աւետարանական Շարժումի առաջին հետեւորդները հակադրուելու Մայր եկեղեցիին եւ հաստատելու անջատ համայնք մը եւ եկեղեցի մը իրենց գիտցած եւ հասկցած ձեւով։ Իսկ այդ գիտցուածն ու հասկցուածը ուղղակի կը հակադրուէր Հայ Առաքելական Մայր Եկեղեցիի կառոյցին, որ այսպիսով կը ստանար հիմնական առաջին հարուածը, եւ որ, սակայն, պիտի չխախտէր հաւատամքային եւ կառուցային իր դրոյթէն: Դար մը եւ գուցէ աւելի Հայ Աւետարանականութիւնը մնաց դուրս հայ ազգային բոլոր շարժումներէն, այդուհանդերձ վերջին տասնամեակները եկան ցոյց տալու թէ աւետարանական հայն ալ հայ էր ազգութեամբ եւ յաճախ կը գտնուէր առաջին շարքին վրան ազգային շարժումներուն, եւ թէ կարելի չէր ուրանալ անոր հայութիւնը եւ դուրս դնել զայն ազգային իր պատկանելիութենէն։ Այժմ բան մը փոխուած էր անտարակոյս, եւ այս՝ Անթիլիասի Յովսէփեանց Կաթողիկոսէն ասդին: Իրաւ էր որ կա՛ր անհամատեղելի բան մը Հայ Եկեղեցիին եւ Հայ Ազգին միջեւ, եւ անոր հետեւանքն էր եղած այն բանը որ պատահեր էր երէկ։ Արդարեւ՝ երբ սկսան փչել ազատականութեան եւ իրաւունքի հովերն ամէնուրեք, Հայ Եկեղեցիի ծոցէն ներս սկսած խլրտումներուն դէմ ամրակուռ մնաց Հայ Ազգային Եկեղեցին եւ ոչ մէկ բան կարողացաւ շարժել դարերու ընթացքին ամրացած պահպանողականութիւնը եւ առիթ մը ստեղծել եկեղեցիին համար` վերադառնալու սկզբնական իր աւետարանականութեան, բերելու վերանորոգումի շունչ մը հայութեան եւ նոր օրերու նոր պայմաններով վերակերտում մը հայ ազգային կառոյցի։ Այսօր՝ Էջմիածինի Գարեգին Ա. եւ Անթիլիասի Արամ Ա. կաթողիկոսները որոնք բացսիրտ, բացմիտք եւ համախոհութեան ու համակեցութեան հետեւող եւ բարձրագոյն ուսումնառութեամբ զարգացած եկեղեցական առաջնորդներ են՝ ամէն յոյս կը ներշնչեն, որ զարգանայ եւ խորանայ Մայր Եկեղեցիի, Հայ Աւետարանականութեան եւ Հայ Կաթողիկէ համայմքի միջեւ սկսուած ազգային համագործակցութիւնը, որովհետեւ այժմ բոլոր կողմերն ալ գիտակից են, որ շատ աւելի պատճառներ եւ տուեալներ կան ազգային միասնութեան քան բաժանուածութեան։ Ի վերջոյ՝ պէտք չէ մտահան ընել, որ հայկական կեանքի ներկան, Ազատ ու Անկախ Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի ամբողջ տարածքին, բաց կը պահէ հրապարակը եւ անհրաժեշտ կ'ընծայէ համագործակցութիւնը, համախոհութիւնը եւ իրարհասկացողութիւնը ազգը կազմող հայ տարրերուն միջեւ։ Իսկ այս տարրե՞րը։ Բայց հայ են անոնք այսօր, ինչպէս որ էին երէկ ալ։ Արդարեւ՝ երբ 1 Յուլիս 1846ին Պոլսոյ մէջ Ամերիկացի միսիոնար Տուայթի բնակարանը հաւաքած քառասուն հայորդիներու հարց տրուեցաւ հոն ներկայ եօթը այլ ամերիկացի եւ երկու սկովտիացի միսիոնարներու ներկայութեան թէ հաւատամքի ո՞ր մէկուն եւ համայնքային ո՞ր դրութեան կ'ուզէին հետեւիլ՝ անոնք պատասխանեցին միաբերան թէ իրենք հայ էին եւ Աւետարանի հետեւորդ, եւ իրենց եկեղեցին պիտի կոչուէր լոկ «Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցի» եւ ուրիշ ոչինչ։ Հայ Աւետարանականները միշտ ալ հաւատացին, թէ հայ էին իրենք եւ կը պատկանէին հայութեան եւ անբաժան մէկ մասնիկն էին ազգին։
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    The Armenian Translations of the Bible
    (1996) Manuel M. Jinbashian
    Ըստ Կորիւնի, Խորենացիի եւ Փարպեցիի տուեալներուն՝ հայերէն այբուբենի գիւտէն ետք Սամոսատի մէջ էր որ սկսաւ հայերէն առաջին թարգմանութիւնը Աստուածաշունչին, որուն մէջ զգալի կը մնան ազդեցութիւնները ասորերէնին եւ յունարէնին, որոնց սկզբնաղբիւր օրինակներն օգտագործուեցան թարգմանութեան համար։ Այսուհանդերձ, դասական հայերէնին գրաբարին լեզուական ճկունութիւնը եւ անոր մասնիկներու, դերանուններու եւ մակբայներու խելացի գործածութիւնը, մանաւանդ հոմանիշներու առատ օգտագործումը տուին յանկուցիչ գեղեցկութիւն մը մեսրոպեան այս թարգմանութեան, որ տասնհինգ դար մնաց հիմը հայ հաւատքին, եկեղեցիին եւ հոգիին: Հազար իննհարիւր վաթսունիննին էր որ Վեհափառ Վազգէն Առաջինի հրահանգով, գոյութեան կոչուեցաւ թարգմանչական յանձնախումբ մը, որ 1975ին իր աւարտին հասցուց արեւելահայերէն թարգմանութիւնը Նոր Կտակարանին հիմնուելով հինգերորդ դարու գրաբարեան մայր օրինակին վրայ եւ յունարէն սկզբնաղբիւրին, թէպէտեւ այս գործը նախորդած կը գտնենք Ա.Հ. Դիթրիխի, գերման միսիոնար մը. Մովսէս Սարկաւագի եւ Պատ. Աբրահամ Ամիրխանեանցի 1831ին թարգմանած Նոր եւ Հին Կտակարանները։ Սակայն 1975ի թարգմանութիւնն ենթակայ մնաց քննադատութեան, որովհետեւ յանձնախումբին անդամներէն – Արթուն Հատիտեւանը, Պարգեւ Շահպազեանը եւ Սամուէլ Անթոսեանը – եւ ո՛չ մէկը արեւելահայ էր ծնունդով եւ կազմաւորումով: Ինչ որ ալ ըլլար իրականութիւնը՝ արեւելահայ այս գործին տպագրութեան աւարտին էր որ Վեհափառ Հայրապետը կազմեց նոր յանձնախումբ մը, որ հիմ ունենալով Մխիթարեան հայր Արսէն Բագրատունիի գրաբար Աստուածաշունչը անցաւ գործի եւ 1994ին աւարտեց արեւելահայերէն թարգմանութիւնն անոր։ Յաջորդ տարի, 1995ին, տպուեցաւ գործը։ Արելելահայ այս թարգմանութիւններէն անկախ կամ տակաւին թարգմանութիւնները Պերճ Պռոշեանի, Գալուստ Տէր Մկրտչեանի, եւ Տիրայր Տէր Յովհաննիսեանի, որոնք հատուածներ են Նոր Կտակարանէն եւ առայժմ կը մնան անտիպ։ Աստուածաշունչի արեւմտահայերէնի առաջին թարգմանիչն եղաւ Մխիթարեան Յովհաննէս Վրդ. Զոհրապեանը, որուն 1821ին թարգմանած Նոր Կտակարանը 1825ին լոյս տեսաւ գրաբարին հետ դիմառնաբար։ Երեք տարի ետք լոյս տեսաւ աշխարհաբար թարգմանութիւնն առանձին: Նոյն տարին անիկա ձեռնարկեց արեւմտահայ աշխարհաբար թարգմանութեան Հին Կտակարանին նաեւ, սակայն վերահաս մահն եղաւ արգելք գործի ամբողջական աւարտին եւ տպագրութեան: Զոհրապեանի այս թարգմանութիւնն էր, որ, սակայն, յետագային կատարուած կարգ մը սրբագրութիւններով լոյսին տրուեցաւ Ամերիկեան Պորտի միսիոնարներէն Էտկըրի կողմէ: Նոյն թարգմանութիւնն ի վերջոյ վերստին ենթարկուեցաւ սրբագրութեան եւ վերատեսութեան Տուայթ եւ Հոմս միսիոնարներու կողմէ եւ լոյսին եկաւ 1849ին։ 1838ի Յունուարին Պոլիս հասած Դոկտ. Էլայըս Րիկզ, տիրանալէ ետք արեւմտահայերէնին, 1842ին սկիզբը ձեռնարկեց թարգմանութեանը Հին Կտակարանին օժանդակութեամբ Անդրէաս Փափազեանի, Աւետիս Սահակեանի եւ Սենեքերիմ Տէր Մինասեանի։ Թարգմանչական աշխատանքներն աւարտեցան 1849ին, իսկ տպագրութիւնը` 1852ին: Միայն յաջորդ տարին էր, որ Իզմիրի մէջ ընթերցողին ձեռքը հասաւ ամբողջական Աստուածաշունչը արեւմտահայ իր թարգմանութեամբ, եւ հինգ տարի ետք, 1858ին ալ Նիւ Եորքի մէջ։ Մինչեւ 1979 ա՛յս թարգմանութիւնն էր որ վերատպուեցաւ բազմաթի անգամներ եւ հիմ ծառայեց ժողովուրդի խօսակցական լեզուին գրական լեզուի մը փոխակերպումին։ Միայն 1978ին էր որ Աստուածաշունչի Միացեալ Ընկերութիւնը ձեռնարկեց հիմնական թարգմանութեանն ու հրատարակութեանը Նոր Կտակարանին, որուն լեզուական եւ քերականական հարցերուն պատասխանատուն կարգուեցաւ Բենիամին Ժամկոչեանը եւ մեկնաբանական հարցերունը` Դոկտ. Մանուէլ Ճինպաշեանը: Աւարտած գործը լոյս տեսաւ 1981ին: Մինչ այդ, սակայն, անհրաժեշտ է հոս յիշել զանազան ամբողջական թարգմանութիւնները Հին ու Նոր Կտակարաններուն, եւ անոնց կարգ մը հատուածներուն։ Այսպէս 1847ին Սաղմոսացը, 1882ին՝ Յովհաննէս Հիւնքիարպէյենտեանի Նոր Կտակարանը, 1894ին Վահան Տէր Մինասեանի Նոր Կտակարանը, 1902–1906ին Ալեքսիանոս Սիրունեանի (Կէօզիպէօյիւքեանի) Չորս Աւետարանները, եւ 1913ին Աւետարան ըստ Մարկոսին Զէյթունի բարբառով. թէպէտեւ, պէտք է նշել որ, ասոնցմէ ոմանք կը մնան անտիպ։ 1943ին էր որ Պուենոս Այրէսի մէջ լոյս տեսաւ Նոր Կրակարանի աշխարհաբար թարգմանութինը Գարեգին Արք. Խաչատուրեանի, եւ վերատպուեցաւ 1979ին Պէյրութի մէջ. 1950ին Գահիրէի մէջ լոյսին տրուեցաւ գրաբարէ աշխարհաբար թարգմանութիւնը Չորս Աւետարաններուն եւ Գործք Առաքելոցին, Գարեգին Վրդ. Գարանֆիլեանի աշխատասիրութեամբ։ Երկու տարի ետք, 1952ին, Վենետիկի մէջ Կիւթեմպերկի գլանէն անցաւ Սրապիոն Վրդ. Ուլուհոճեանի թարգմանութիւնը Նոր Կտակարանին, որ վերատպուեցաւ 1960ին։ 1966-1967ին Պոլսոյ մէջ անջատ կերպով լոյս տեսան Մատթէոսի, Մարկոսի, Ղուկասի եւ Յովհաննու Աւետարանները Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանի աշխարհաբար թարգմանորեամբ, որոնք յետագային 1979ին, միացեալ կերպով լոյսին եկան Պէյրութի մէջ։ Այս միացեալ հրատարակութենէն երկու տարի ետք էր, որ, 1981ին, Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ Մեսրոպ Վրդ. Ճուռեանի կատարած թարգմանութիւնը Նոր Կտակարանին, իսկ Երուսաղէմի մէջ արեւմտահայերէնի մէկ վերածումը 1875ի Էջմիածինի Նոր Կտակարանին։ 1984ին Անթիլիասի մէջ լոյս տեսաւ Կիրակի Օրերու Աստուածաշնչական Ընթերցումները Զարեհ Եպսկ. Ազնաւորեանի, Օշական Վրդ. Չոլոյեանի եւ Դոկտ. Մանուէլ Մինպաշեանի թարգմանութեամբ: 1987ին Վենետիկի մէջ Մխիթարեան Սեքուլեան Վարդապետի թարգմանութեամբ լոյսին եկան Դաիթի Սաղմոսները, իսկ երկու տարի ետք ալ Շահէ Արք. Աճեմեանի թարգմանութիւնը անոնց: Այս վերջիններէն ետք պէտք եղաւ սպասել վեց տարի` 1993ին, ունենալու համար հրատարակութիւնը Նոր Կտակարանին աշխարհաբար նոր թարգմանութեամբը Աստուածաշնչական Ընթերցումներու թարգմանիչներուն եւ համեմատութեամբը Յունարէն եւ գրաբար մայր օրինակներուն:
Haigazian Repository
For further information, please contact: Library@haigazian.edu.lb