Browsing by Author "Mary Alik Karamanoukian"
Now showing 1 - 1 of 1
Results Per Page
Sort Options
Item Diaspora in Armenia: Immigration and Political Integration of Syrian Armenians(2023) Mary Alik KaramanoukianՅօդուածը կ'ուսումնասիրէ հայրենիք տեղափոխուած սուրիահայերու համարկումը Հայաստանի քաղաքական մշակոյթին՝ ի մասնաւորի անոնց մասնակցութիւնը Հայաստանի քաղաքական տարբեր իրադարձութիւններուն: Քաղաքական համարկումը մեծ դեր կը խաղայ գաղթականներու եւ ընդհանրապէս այլ երկիր տեղափոխուած անձանց նոր միջավայրի եւ նոր մշակոյթի ամբողջական ընդգրկման գործընթացին մէջ: Յօդուածը կը փորձէ սահմանել քաղաքական համարկումը եւ բացատրել գործօնները որոնք ուղղակի եւ անուղղակիօրէն կ'ազդեն քաղաքական համարկումի գործընթացին: Հետազօտութիւնը կ'ուսումնասիրէ սուրիահայերու մասնակցութիւնը Սուրիա տեղի ունեցած տարբեր քաղաքական իրադարձութիւններու եւ կը համեմատէ անոնց մասնակցութիւնը նոյնանման կամ այլ քաղաքական իրադարձութիւններու՝ Հայաստանի մէջ: Հետազօտութեան երկրորդ մասը կը ներկայցնէ տեղաբնիկ հայաստանցիին մօտեցումը սուրիահայերու քաղաքական ընդգրկման եւ մասնակցութեան հարցին: Հարցախոյզի եւ հարցազրոյցներու արդիւնքներուն հիման վրայ, կարելի է հաստատել, որ սուրիահայերը աւելի գործուն են Հայաստանի մէջ քաղաքական գետնի վրայ, քան էին Սուրիոյ մէջ: Քաղաքական մշակոյթի տարբերութիւնը, ինչպէս նաեւ կեանքի ընդհանուր պայմանները մեծ դեր կը խաղան անոնց՝ քաղաքական ընդգրկման գործընթացին մէջ: