Browsing by Author "Maxime Yevadian"
Now showing 1 - 2 of 2
Results Per Page
Sort Options
Item La Version Grecque D'une Traduction Latine (Du Grec!) Sur La Christianisation De L'Arménie(2012) Maxime YevadianՅօդուածը կ'ուսումնասիրէ յատուկ եւ հետաքրքրական պարագայ մը՝ Հայաստանի քրիստոնէացման պատմութեան աղբիւրներու առումով: Եւսերիոս Կեսարացիի Եկեղեցական Պատմութիւնին մէջ յիշատակութիւն մը կը կատարուի Դիոնիսիոս Աղեքսանդրացիի նամակին մասին, որ ուղղուած էր «Հայաստանի եղբայրներոն, որոնցմէ Մերուժանը եպիսկոպոսն է...» (Զ., XI.VI): Այս մասին քաջատեղեակ են հայագէտները: Աղեքսանդրացիի ուսմունքներուն ակնարկելով, իր Liber de Viris Inlustribus երկին մէջ, Ս. Հիերոնիմիոս (St. Jerome) եւս յղում կը կատարէ «Հայերուն...» ուղղուած այս նամակին: Այս յղումը ընդհանրապէս չէ օգտագործուած հայագիտական ուսմանց մէջ: Անոր բովանդակութիւնը կը հաստատէ որ զայն պէտք է սերտել Մեծ Հայքի Խոսրով Ա. (Մեծ) թագաւորին հալածանքներուն ենթահողին վրայ: Ս. Հիերոնիմիոսի վերոյիշեալ գրութիւնը թարգմանուած է շատ հաւանաբար իրեն ժամանակակից ոմն Սոփրոնիոսի կողմէ: Լատիներէնէ կատարուած այս յունարէն թարգմանութիւնը կը թուի իւրայատուկ ըլլալ Հայաստանի քրիստոնէացման պատմութեան առումով: Ս. Հիերոնիմոսի բնագիրը վկայակոչուած է ԺԲ. դարուն՝ բենետիկտեան Հոնորիոսի կողմ: Կը թուի թէ հեղինակին այստեղ հրապարակուող չորս հատուածներէն երեքը առաջին անգամ կը հրատարակուին՝ հայագիտական ուսմանց ծիրին մէջ:Item Mani et L'Armenie(2011) Maxime YevadianՅօդուածը նոր լուսաբանութիւններ եւ տուեալներ կ'աւելցնէ հեղինակին 2007ին հրատարակած հատորին մէջ տեղ գտած հերետիկոսութիւններու վերաբերող գլխուն: Հայագիտութեան մէջ առաջին անգամ մանիքէականութեան բնագրերը թարգմանաբար կը հրատարակուին եւ կը քննարկուին: Յօդուածով առաջին անգամ արեւմտեան լեզուի թարգմանութեամբ կը ներկայացուի կարեւոր փաստաթուղթ մը, որ կը վերաբերի Մանիի՝ հայերուն ուղղած նամակէն մէջբերումներու: Հեղինակը այս փաստաթուղթի վերլուծումէն կը հետեւցնէ որ Մանի իր այս նոր դաւանանքին տարածման ու ծաւալման համար Հայաստանը առաջնահերթ թիրախ կը նկատէր: