Browsing by Author "Mouradian, Khatchig"
Now showing 1 - 1 of 1
Results Per Page
Sort Options
Item Genocide and Humanitarian Resistance in Ottoman Aleppo, 1915-1916(2018) Mouradian, KhatchigԶեկոյցը կը քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին զոհերու դիմադրական գործունէութեան զանազան դրսեւորումները՝ 1915-16ին: Ձերբակալութեանց, տեղահանութեանց եւ ջարդերու գործողութիւններուն զուգահեռ նկատելի կը դառնան զոհերու կողմէ այլեւայլ դիմադրական արարքներ, որոնցմէ այստեղ լուսարձակի տակ կ'առնուին ոչ-զինեալ դիմադրական արարքները: Հեղինակը լուսարձակի տակ կ'առնէ օսմանեան գաւառներուն, Պոլսոյ օսմանեան գաւառներուն, Պոլսոյ արտասահմանի միջեւ գործող ընդյատակեայ հաղորդակցութեանց ցանցեր, որոնցմով արտաքին աշխարհ կը մաքսանենգուէին՝ ջարդերուն մասին տեղեկագրեր: Ասոնք հումք կը ծառայէին արտասահմանի հայ թէ օտար մամուլի դէմքերուն, օտար քաղաքական գործիչներուն՝ բացայայտելու Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայոց դէմ կատարուող ջարդերը, մանրամասնելու դէպքերուն եւ կոտորածներուն, արմատահանութիւններուն, քանդումներուն տարողութիւնը եւն.: Միւս կողմէն՝ այս ցանցերով նաեւ արտասահմանէն կը փոխանցուէին նիւթական նպաստներ, ապա գաւառներ եւ գաղթակայաններ կը յղուէին ատոնք՝ սնունդ գնելու, բժշկական հոգածութեան եւ գոյատեւումի նպատակներով: Հեղինակը կ'ընդգծէ որ աքսորավայրերուն, գաւառին եւ Պոլսոյ միջեւ հաղորդակցութեանց այս ցանցերուն կենսական օղակ կը հանդիսանար Հալէպը, ու կը ներկայացնէ այս ցանցերուն առնչուած անձերու եւ խնդիրներու մութ ծալքերը: Կը պարզուի նաեւ, որ ընդյատակեայ մարդկային այս ցանցերով ոչ միայն օտար, այլեւ հայ աջակցութիւն եւ նպաստ կը կատարուէր ցեղասպանութեան դիմադրութեան համար: