Browsing by Author "Nicholas Coureas"
Now showing 1 - 2 of 2
Results Per Page
Sort Options
Item King Peter I of Cyprus and the Armenians(2020) Nicholas CoureasԼուսինեան Կիպրոսի ամէնէն հակասական թագաւորներէն Փիթըր Ա.ը (1358-69) նշանաւորուեցաւ 1365ի խաչակրաց արշաւանքը Աղեքսանդրիա ուղղորդելով եւ հետապնդելով իսլամներու դէմ պատերազմական աւելի մեծ տարածք (հարաւային Անատոլու, Սուրիա եւ Եգիպտոս): Այս պատճառաւ ալ Կիլիկեան Հայկական Թագաւորութեան հայերը անխուսափելիօրէն առնչուեցան այս պատերազմին, մինչ Կիպրոսի հողին վրայ հայ վարձկաններ արքայական բանակին մաս կազմեցին: Այդուհանդերձ, հակառակ հայերուն օգնելու աներկմիտ յանձնառութեան՝ Փիթըր Ա.ի քաղաքականութիւնը խառն արդիւնքներ տուաւ: Իր զօրքերը յաջողապէս գրաւեցին կիլիկիահայ նաւահանգիստ քաղաք Կոռիկոսը եւ զայն Կիպրոսի Լուսինեան թագաւորութեան մաս դարձուցին մինչեւ 1448, բայց չյաջողեցան գրաւել Այասը, Կիլիկեան գլխաւոր նաւահանգիստը՝ 1337ին մեմլուքներու կողմէ անոր գրաւումէն առաջ: Փիթըր Ա. չջանաց կազմակերպել տեղական խաչակրութիւն մը՝ հայ եւ կիպրացի ուժերով՝ հիւսիսային Սուրիոյ տարածքներուն դէմ, բան մը զոր Հենրի Բ. փորձեց՝ ԺԴ. դարասկիզբին, կիպրացիներու, մոնկոլներու եւ հայերու միացեալ ուժերով: Նման քայլի չդիմելը կարելի է վերագրել Կիլիկեան Հայաստանի մէջ արքայական ներգերդաստանական պայքարին, որ հետեւանքներ ունեցաւ կիլիկեան եւ կիպրական թագաւորութիւններուն վրայ: Յօդուածը լուսարձակի տակ կ'առնէ այս խնդիրները, ինչպէս նաեւ կիլիկիահայերու գաղթը Կիպրոս եւ արեւելամիջերկրականեան այլ վայրեր՝ Փիթըր Ա.ի շրջանին: Այս գաղթը որ սկիզբ առած էր ԺԴ. դարասկիզբին, թերեւս ալ ԺԳ. դարավերջին, այլ երեսակ մըն է որուն կ'անդրադառնայ այս ուսումնասիրութիւնը: