Repository logo
  • English
  • Català
  • Čeština
  • Deutsch
  • Español
  • Français
  • Gàidhlig
  • Italiano
  • Latviešu
  • Magyar
  • Nederlands
  • Polski
  • Português
  • Português do Brasil
  • Suomi
  • Svenska
  • Türkçe
  • Tiếng Việt
  • Қазақ
  • বাংলা
  • हिंदी
  • Ελληνικά
  • Yкраї́нська
  • Log In
    New user? Click here to register.Have you forgotten your password?
Repository logo

Haigazian University

  • Communities & Collections
  • All of DSpace
  • English
  • Català
  • Čeština
  • Deutsch
  • Español
  • Français
  • Gàidhlig
  • Italiano
  • Latviešu
  • Magyar
  • Nederlands
  • Polski
  • Português
  • Português do Brasil
  • Suomi
  • Svenska
  • Türkçe
  • Tiếng Việt
  • Қазақ
  • বাংলা
  • हिंदी
  • Ελληνικά
  • Yкраї́нська
  • Log In
    New user? Click here to register.Have you forgotten your password?
  1. Home
  2. Browse by Author

Browsing by Author "Payaslian, Simon"

Now showing 1 - 2 of 2
Results Per Page
Sort Options
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    The Armenian Prelacy of Aleppo (Mid 1920s-late 20th Century)
    (2018) Payaslian, Simon
    Հեղինակը Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանին պատմութիւնը հակիրճ վերաքաղելէ ետք, կը կեդրոնանայ Ա. Համաշխարհայինէն մինչեւ ներկայ հանգրուանի առաջնորդարանին պատմութեան վրայ, մեկնելով իւրաքանչիւր առաջնորդի վարած քաղաքականութենէն ու գործունէութենէն: Սկզբնապէս հիմնուած Սալիպէի Հայ Առաքելական Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, առաջնորդարանը 1970ին տեղափոխուեցաւ մօտակայ նոր շէնք մը, եւ ցարդ հոն կը մնայ: Հայոց Ցեղասպանութիւնը շրջադարձային եղաւ առաջնորդարանի պատմութեան մէջ, երբ հազարաւոր գաղթականներու հոսքը՝ զայն մատնեց աննախադէպ տագնապներու: Առաջնորդարանը գործեց որպէս պաշտօնական կեդրոն՝ գաղթակայաններու վարման եւ նպաստներու մատուցման, նաեւ՝ կրթական, հոգեւոր, մշակութային վերաշինութեան, միջավայրին հետ բարուօք յարաբերութեանց զարգացման: Առաջնորդարանը, ամբողջ երկրին նման, դիմագրաւեց բազմաթիւ մարտահրաւէրներ՝ սուրիական քաղաքականութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու ծիրին մէջ: Հակառակ դժուարութիւններուն, առաջնորդարանը տասնամեակներով ունեցաւ կայուն վիճակ եւ աճեցաւ: Մասնակցելով համայնքի բոլոր աշխուժութիւններուն, առաջնորդարանը սերտ կապեր պահպանեց համայնքի բոլոր դասակարգերուն եւ հանրային ծառայողներուն հետ: Ան վերջին տարիներուն բազում հրատարակութիւններ իրագործեց: 1990ականներու կէսերէն, համայնքը իր կենսունակութիւնը վերագտնելու գործընթացին մէջ էր, սակայն պատերազմը եկաւ Ցեղասպանութենէն ետք համայնքը կերտելու եւ անոր ինքնութիւնը տարազելու տասնամեակներու ճիգը հարցականի տակ դնել:
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    The Legacy of the Armenian Community in Syria: A Century of Diasporic Existence, 1915-2015
    (2018) Payaslian, Simon
    Հեղինակը կը ներկայացնէ սուրիահայութեան վերջին հարիւրամեակի աւանդը: Ան հակիրճ կ'անդրադառնայ գաղութին կազմաւորման՝ Ցեղասպանութենէն ետք, ապա եւ՝ կազմակերպման ու մշակութային վերելքին՝ մինչեւ Բ. Համաշխարհային Պատերազմ: Հիմնուելով սփիւռքագիտական տեսութիւններու վրայ, հեղինակը կը քննարկէ սփիւռքացման բարդութիւնները, ձեւափոխութիւնը՝ սկզբնական տարագիր փուլէն դէպի գաղութի եւ մշակոյթի կազմաւորումը, ինչպէս նաեւ փոփոխութիւնը՝ հայապահպանման հրամայականներուն հասկացութիւններուն մէջ: Զեկոյցը կը քննարկէ հայկական սփիւռքի գոյութիւնը պատկերող գրական նմուշներ: Հակառակ տարբեր քաղաքական եւ տնտեսական դժուարութիւններու, սուրիահայութիւնը՝ մինչեւ 1960ականներու սկիզբը, ականատես եղաւ մշակութային հսկայ բերքի: Հիմնուեցան հայկական հրատարակչատուներ եւ տարբեր քաղաքական երանգներու օրաթերթեր: Զեկոյցը համապատկեր մը կը ներկայացնէ այն ճիգերուն, որոնք կատարուեցան կրթական եւ մշակութային հաստատութիւններու, համայնքային կազմակերպութիւններու, կուսակցութիւններու եւ եկեղեցիներու կողմէ՝ մշակոյթի պահպանման եւ գաղութային կեանքին համար: Սուրիահայութիւնը Միջին Արեւելքի այլ գաղութներու կողքին, իբրեւ շտեմարան ծառայեց հայ լեզուի եւ մշակոյթի: 1940-60ականներուն Լիբանան գաղթած սուրիահայեր, ինչպէս եւ Արեւմուտք գաղթած միջին արեւելքցի հայեր նպաստեցին Արեւմուտքի գաղութներուն մշակութային երիտասարդացման: Հեղինակը կը քննարկէ յարաբերութեան բնոյթը հայկական գաղութին եւ հիւրընկալ ընկերութեան միջեւ, եւ կը պնդէ, որ հակառակ տասնամեակներու ձեռքբերումներուն, ներկայ քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով մեծ սպառնալիք յառաջացած է գաղութի գոյատեւման: Սուրիահայութեան պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ ընտանիքը, գաղութի կրթական հաստատութիւնները, եկեղեցիները, քաղաքական կուսակցութիւնները եւ մտաւորականութիւնը միաձուլուած՝ կը ձեւաւորեն անհատական եւ հաւաքական ինքնութիւնը եւ ազգային գիտակցութիւնը՝ իբրեւ անբաժանելի բաղադրիչը Սփիւռքի գոյութեան: Սուրիահայութեան պարագան կը հաստատէ, թէ Սփիւռքի հայօճախի մը մշակութային եւ ֆիզիքական գոյատեւումը կախեալ է հիւրընկալ ընկերութեան քաղաքական փոփոխականութենէն եւ անոր կառավարութեան վարած ընդհանուր քաղաքականութենէն:
Haigazian Repository
For further information, please contact: Library@haigazian.edu.lb