Browsing by Author "Serob Abrahamian"
Now showing 1 - 1 of 1
Results Per Page
Sort Options
Item Street Names in Yerevan and their Effect on National Identity(2024) Serob AbrahamianՅօդուածը կը քննարկէ փողոցներու եւ հանրային հրապարակներու, զբօսավայրերու անուանափոխութեան ընթացքը, պատճառները եւ անուններուն ազդեցութիւնը ազգային ինքնութեան վրայ: Հեղինակը կը նշէ թէ փողոցներու անուանափոխութիւն տեղի կ'ունենայ երբ նոր վարչակարգ մը իշխանութեան անցնի: Նոր իշխանութիւնը կը ջանայ առկայ տարբեր ձեւերով իր գաղափարախօսութիւնը հաստատել ու տարածել բնակչութեան վրայ: Այս նպատակին հասնելու միջոցներէն կը նկատուի փողոցներու, հրապարակներու, հանրային վայրերու եւ զբօսավայրերու անուանափոխութիւնը: Հեղինակը ապա կ'անդրադառնայ Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան հռչակումէն ետք կատարուած Երեւանի կարգ մը փողոցներու անուանափոխութեան: Ան կը հարցապնդէ տուեալ փողոցներու բնակիչներ եւ կը կատարէ եզրակացութիւններ, որոնք կը վերաբերին բնակիչներուն՝ իրենց բնակած փողոցներուն անուանատիրոջ մասին իրենց ունեցած գիտելիքին: Հեղինակը կը ջանայ նաեւ փոխկապակցութիւններ գտնել օտարանուն, մշակութային կամ զինուորական դէմքերու անուններ ունեցող փողոցներուն եւ համապատասխան բնակիչներուն պատասխաններուն միջեւ: Հուսկ, հեղինակը կը հաւաստէ թէ ուսումնասիրութիւնը կարիքն ունի ներգրաւելու աւելի մեծ թիւով հարցապնդուողներ, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի հիմնաւոր եզրակացութիւններ կատարել: