Browsing by Author "Seta B. Dadoyan"
Now showing 1 - 1 of 1
Results Per Page
Sort Options
Item Data for the History of Medieval Arab-Armenian Relation(1992) Seta B. DadoyanՀայ-արաբական փոխյարաբերութիւններու ուսումնասիրումը յաճախ կեդրոնացած կը մնայ Հայաստանի արաբական գրաւումին վրայ (640-865) եւ անոր յաջորդող Բագրատունեաց Հարստութեան ժամանակներուն (865- 1045): Մինչդեռ տուեալները կու գան ցույց տալու թէ այդ փոխյարաբերութիւնները կը սկսին շա՜տ աւելի կանուխէն՝ Տիգրան Մեծի օրերէն ու կ'առաձգուին մինչեւ ԺԴ. եւ ԺԵ. դարերը, ու չեն մնար պարունակէն ներս զուտ քաղաքականին ու զինուորականին: Արաբներուն ծանօթ էր Արմինիա կոչուած աշխարհագրական տարածութիւնը, որ այդպէս կը կոչուէր հոն բնակող ժողովուրդին անունով։ Այդ մէկը կ'ընդգրկէր Կովկասէն մինչեւ Սուրիա եւ Կիլիկիա եւ Կասպից ծովէն մինչեւ Փոքր Ասիոյ կեդրոնական մասերը տարածուող շրջանները: Ըստ արաբ պատմիչ Հաֆիզի՝ այս հողամասը կը բաժնուէր չորս Հայքերու։ Արաբ այլ պատմիչներ՝ Էտիպ Սայյետը, Մարուան էլ-Մուտաուարը, եւ ուրիշներ իրենց գործերուն մէջ կը խօսին Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի մասին եւ լոյսին կը հանեն ընկերային, տնտեսական, վարչական, կրօնական, իմացական եւ մշակութային փոխյարաբերութիւնները երկու ժողովուրդներուն։ Ըստ անոնց՝ կար ժամանակ մը երբ Հայաստանի սահմաններէն ներս կային հաստատուած բազմաթիւ արաբական ցեղեր ու ցեղախումբեր, որոնցմէ ոմանք հաստատեցին նոյնիսկ արենակցական կապեր բնիկ հայ տարրին հետ։ Աւելին՝ անհատ հայեր եւ ընտանիքներ անցան ծառայութեանը արաբ իշխանաւորներու եւ ընդունեցին կրօնը եկուորներուն, եւ գտնուեցան ուրիշներ, որոնց ծառայութիւնն անցաւ զինուորականէն անդին եւ վարչականէն, եւ ընդգրկեց մշակութային, իմացական, օրէնսգիտական, լեզուագիտական, ճարտարապետական եւ արուեստի արտայայտութեան զանազան բնագաւառներ։ Փրոֆեսէօր Տատոյեան յականէ անուանէ կը յիշէ Ճըրճի իպն Թաուզարը, Վարդանը, Շահիէ էլ-Էրմենին, որ մեծ դեր խաղաց Բագրատունեաց Թագաւորութեան հիմնումին մէջ, անոր զաւակը՝ Ալի Հիւսէին Իպն Սահիէ էլ-Էրմենին, անոր թոռը՝ Մուհամմետ Ալի Իպն Շահին էլ-Էրմենին, Ապուլ-Հասան էլ–Մալթին, նկարիչ էլ–Ուասիթը, Պետր էլ-Ճեմելին, Ապու Ալի էլ–Գային, եւ բազմաթիւ այլ էլ-Ճեմելիներ, եւ տակաւին կարգ մը հայ թագուհիներ եւ արքայամայրեր ապպասեան թէ ֆաթիմեան գահերուն վրայ: Աւելին՝ յօդուածագիրը քննութենէ կ'անցընէ առնչութիւնները Անանիա Շիրակացիի եւ էլ Գուսթա Իպն Լուգայի, Իպն էլ–Մուգաֆֆայի Գալիլա ուա Տումնէ եւ Վարդան Այգեկցիի Աղուեսագիրքին առնչութիւնները, Ագաթանգեղոսի Պատմութեան արաբերէն թարգմանութեան հարցը, եւ արաբական Քիթեպ էլ Խայլի եւ հայկական Բժշկարան Ձիոյ եւ Առհասարակ Գրաստնայ գործերուն կապերը, եւ հուսկ ուրեմն կը խօսի իսմայիլեան Իխուան էլ–Սաֆա շարժումի գաղափարախօսութեան եւ Յովհաննէս Պլուզ Երզնկացիի Ի Տաճկաց Իմաստասիրաց Գրոց Քաղեալ Բանքի գիտական, իմաստասիրական, բարոյական, լեզուական, մետաղագիտական, տիեզերագիտական եւ այլ ձեւի առնչութիւններուն, եւ վերջապէս՝ Երզնկայի Եղբարց Միութեան Կանոնադրութեան մասին, ու կ'եզրակացնէ թէ «մարդկայնական գիտութիւններու, ինչպէս նաեւ գիտութեան պատմութեան մէջ կատարուած հետազօտութիւններ՝ ի վերջոյ, ամէն մակարդակի վրայ պիտի ընդարձակեն մեր ծանօթութիւնը հայ-արաբական ծանօթութիւններու մասին: մասին: Սակայն մինչեւ որ լուրջ եւ հաւաքական ճիգ մը կատարուի վերակազմելու համար պատմութեան այս յարաբերութիւններուն մութ մնացած ծալքերը` անհրաժեշտ է որ իրականութիւններ, մասնիկներ եւ մանրամասնութիւններ՝ ինչպիսին են տրուածներն այս յօդուածին մէջ՝ արձանագրուին որպէս էջատակի ծանօթութիւն տակաւին չգրուած պատմութեան համար հայ-արաբական յարաբերութիւններուն»։