Browsing by Author "Shemmassian, Vahram L."
Now showing 1 - 1 of 1
Results Per Page
Sort Options
Item Musa Dagh During the Armenian Massacres of 1909 in Ottoman Northwestern Syria(2018) Shemmassian, Vahram L.Հեղինակը լուսարձակի տակ կ'առնէ 1909ի կիլիկեան կոտորածներուն զուգահեռ՝ Օսմանեան Կայսրութեան ենթակայ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան հայաբնակ վայրերուն մէջ տեղի ունեցած ջարդերն ու վնասները եւ անոնց հետեւանքները: Ներկայացնելէ ետք Անտիոքի, Քեսապի, Հալէպի եւ շրջակայքի հայոց դիմագրաւած սպանդն ու հետապնդումները, կողոպուտը, քանդումներն ու արտաքսումը, հեղինակը կը մանրամասնէ այդ շրջանի Մուսա Լեռան հայութեան դիմագրաւած ահաբեկումի վտանգը, ջարդ-կողոպուտ-աքսորի սարսափն ու սպառնալիքը, մուսալեռցիներու դիմադրութիւնը, օսմանեան տեղական իշխանութեանց մասնակցութիւնը սպանութիւններուն, օտար միջամտութիւնը՝ կանխարգիլելու-սահմանափակելու յարձակումներն ու սպանդը, ապա նաեւ՝ իւրաքանչիւր յարանուանութեան կրած զոհերուն թիւը, կը ներկայացնէ հետեւանքները՝ հրկիզուած տուն ու խանութներու, որբերու եւ այրիներու թիւերը, նիւթական վնասները՝ ըստ գիւղի: Հեղինակը կ'անդրադառնայ նաեւ կոտորածներուն եւ աւերին արտասահմանեան արձագանգին, Մուսա Լեռ փութացուած հայ (միութենական եւ եկեղեցական) թէ օտար նպաստներուն: Հուսկ, հեղինակը կ'արժեւորէ կոտորածէն ետք տեղի ունեցած եւ ջարդարարութեան տարողութեան չհամապատասխանող կեղծ դատավարութիւններուն: