Repository logo
  • English
  • Català
  • Čeština
  • Deutsch
  • Español
  • Français
  • Gàidhlig
  • Italiano
  • Latviešu
  • Magyar
  • Nederlands
  • Polski
  • Português
  • Português do Brasil
  • Suomi
  • Svenska
  • Türkçe
  • Tiếng Việt
  • Қазақ
  • বাংলা
  • हिंदी
  • Ελληνικά
  • Yкраї́нська
  • Log In
    New user? Click here to register.Have you forgotten your password?
Repository logo

Haigazian University

  • Communities & Collections
  • All of DSpace
  • English
  • Català
  • Čeština
  • Deutsch
  • Español
  • Français
  • Gàidhlig
  • Italiano
  • Latviešu
  • Magyar
  • Nederlands
  • Polski
  • Português
  • Português do Brasil
  • Suomi
  • Svenska
  • Türkçe
  • Tiếng Việt
  • Қазақ
  • বাংলা
  • हिंदी
  • Ελληνικά
  • Yкраї́нська
  • Log In
    New user? Click here to register.Have you forgotten your password?
  1. Home
  2. Browse by Author

Browsing by Author "Vicky Tchaparian"

Now showing 1 - 1 of 1
Results Per Page
Sort Options
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    The Armenian Genocide in American Presidency Discourses from George W. Bush to Barack Obama: A Political Discourse Analysis Study
    (2014) Vicky Tchaparian
    Վերջին տասնամեակներուն, Ա. Մ. Նահանգներու նախագահութեան թեկնածուները ընդհանրապէս նախագահական ընտրապայքարի ընթացքին խոստումներ կը շռայլեն նաեւ ամերիկահայերուն՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրով, սակայն ընտրուելէ ետք կը դրժեն իրենց խոստումը։ Այս ուսումնասիրութիւնը բնագրային քննավերլուծութեան կ'ենթարկէ Ա. Մ. Նահանգներու վերջին երկու նախագահներու Ճորճ Ու. Պուշի եւ Պարաք Օպամայի նախընտրական խոստումները ամերիկահայութեան: Ապա, ուսումնասիրութիւնը կը վերլուծէ նաեւ Ապրիլ 24ի ամէնամեայ յիշատակութեան օրուան առթիւ անոնց արտասանած յետ-ընտրական չքմեղանքի ու խուսափողական ելոյթները։ Այս առումով, ուսումնասիրութեան նիւթ կը դառնան Թեքսասի կառավարիչ Ճորճ Ու. Պուշի 19 Փետրուար 2000ին Էտկար Յակոբեանին ու Վազգէն Սեդրակեանին ուղղած նամակը, 10 Հոկտեմբեր 2007ին նախագահ Ճորճ Ու. Պուշի ելոյթը, ինչպէս նաեւ 19 Յունուար 2008ին Քալիֆորնիոյ նախընտրական արշաւին ընթացքին Իլինոյի ծերակուտական Պարաք Օպամայի, եւ 7 Ապրիլ 2009 ին Շիքակօ Թրիպիունի թղթակից Քրիսթի Փարսընզին հետ նախագահ Օպամայի ունեցած հարցազրոյցն ու 24 Ապրիլ 2009ին, 24 Ապրիլ 2010ին եւ 23 Ապրիլ 2011ին արտասանած իր ելոյթ-խօսքերը։ Ըստ յօդուածագրին, խոստումի այս դրժումը աւելի հակասական կը հնչէ երբ խորապատկերին վրայ կը պարզուի թէ Ա. Մ. Նահանգներու 43 նահանգներ (բացի Էլըպամա, Միսիսիփի, Ուեսթ Վըրճինիա, Ինտիանա, Այօուա, Ուայոմինկ եւ Սաութ Տաքոթա նահանգներէն) ճանչցած են հայոց դէմ գործուած Ցեղասպանութիւնը։ Ուսումնասիրութիւնը քերականական, ձեւաբանական եւ իմաստաբանական վերլուծութեան կ'ենթարկէ վերոյիշեալ ելոյթները, ապացուցելով որ կատարուածը բառախաղի շնորհիւ ամերիկահայութեան քուէները շահելու փորձ մըն է, մատնանշելով նաեւ որ սպասուած «Ցեղասպանութիւն» բառին փոխարէն նախագահ Օպամա կը գործածէ «Մեծ Եղեռն» արտայատութիւնը: Ուսումնասիրութիւնը կը փորձէ նաեւ լուսարձակի տակ բերել այն իրական ու պարագայական պատճառները որոնք մղած են ամերիկացի այս երկու նախագահները՝ խուսափելու իրենց նախընտրական խոստումները յարգելէ։
Haigazian Repository
For further information, please contact: Library@haigazian.edu.lb