Browsing by Author "Vrej Nerses Nersessian"
Now showing 1 - 3 of 3
Results Per Page
Sort Options
Item Did Trdat Meet Constantine I The Great?(1999) Vrej Nerses NersessianԵ. դարու մատենագիր Ագաթանգեղոս իր Պատմութեան մէջ կը յիշատակէ Հայոց Տրդատ արքայի հանդիպումը Բիւզանդիոնի կայսր Մեծն Կոստանդիանոսի հետ (337-361)։ Այս յիշատակումին ճշմարտացիութիւնը հարցականի տակ առնուած է երկար ժամանակ: Հեղինակը կ'ապացուցէ թէ նման հանդիպում մը տեղի ունեցած է` իսկապէս, որուն ընթացքին դաշինք կնքուած է երկու կողմերուն միջեւ։ Ան՝ յետ մանրակրկիտ պրպտումներու, եւ հիմնուելով կողմնակի ու անուղղակի տուեալներու վրայ, կը հետեւցնէ թէ հանդիպումը տեղի ունեցած է 324 Նոյեմբերի 325ի սկիզբի -325-ի սկիզբի շրջանին միջեւ։ Հեղինակը իբրեւ հանդիպման վայր կը նշէ Կոստանդնուպոլիսը, իսկ նկատ առնելով Եւսեբիոս պապի մասնակցութիւնը հանդիպումին, հաւանական վայր կը նկատէ նաեւ Նիկոմիդիան. Իսկ Կապադովկիայի մէջ հանդիպումի մը հաւանականութիւնը նուազ հաւանական կը գտնէ ան։Item Movsés Khorenatsi and Ghazar P'arpetsi(1998) Vrej Nerses NersessianՄովսէս Խորենացիի եւ Ղազար Փարպեցիի Հայոց Պատմութիւն երկերուն միջեւ առկայ նմանութիւնները, հետեւաբար նաեւ երկու պատմագիրներուն կենսագրական առընչութիւններ յաճախ նիւթ եղած են հայ բանասիրութեան մէջ: Մեկնելով բնագրային բաղդատութիւններէ, ժամանակի պատմաքաղաքական արեւելումէն եւ այլ մատենագիրներու անդրադարձումներէ, կը պարզուի թէ Խորենացիի եւ Փարպեցիի Հայոց Պատմութիւններու նմանութիւնները արդիւնք են անոնց 482-83-ի եւ 483-84ի ձմեռները միասին` Սիւնիքի հիւսիսային շրջանը գտնուող քարայր մենաստանի մը մէջ անցընելուն: Կ'եզրակացուի նաեւ, թէ շատ հաւանաբար Փարպեցին օգնած է Խորենացիին՝ անոր Հայոց Պատմութեան երկնումի վերջին գլուխներուն ատեն: Կը նոյնացուին Մովսէս Խորենացին ու Մովսէս Փիլիսոփոսը, որուն հետ իր անցուցած ժամանակին յիշատակումը կը կատարէ Փարպեցին՝ Վահան Մամիկոնեանի ուղղած իր թուղթին մէջ։ Կը պարզուի նաեւ, որ Խորենացին իր Հայոց Պատմութեան վերջին հատուածները ամբողջացուցած է 483-484ին:Item The Co-operation between Father Ghewond Alishan and Lord Robert Curzon in the Field of Biblical Research (The British Library, Ms. Or 15277)(2003) Vrej Nerses NersessianՀեղինակը կը նկարագրէ Բրիտանական Գրադարանի Ձեռագրային Հաւաքածոյին մեջ պահպանուած անգլիացի քաղաքական գործիչ Լորտ Ռոպըրթ Քըրզընի սեփականությունը եղած Պատմութիւն Յովսէփի Եւ Ասանեթայ ձեռագիրը, զոր իտալերէնի թարգմանած է Հայր Ղեւոնդ Ալիշան` Քըրզընի դղեակ իր հիւրընկալութեան շրջանին։ Հեղինակը կը մէջբերէ նաեւ Ալիշանի յիչատակարանը: