Reconstructing Aleppo

Loading...
Thumbnail Image
Date
2018
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Սուրիոյ մէջ շարունակուող հակամարտութիւնը բազմաթիւ քաղաքներ ծանրօրէն աւերակեց: Պատմութիւնը կը հաստատէ, սակայն, որ մեծ քաղաքներ – ինչպէս Հալէպը – չեն մեռնիր: Ընդհակառակը, անմիջապէս որ բրտութեան ալիքը դադրի, լայնածիր վերակառուցման աշխատանքներ կը սկսին հոն: Հեղինակը կ'արծարծէ Հալէպի վերակառուցման ծրագրերը: Ան կ'ընդգծէ որ վերակառուցման ծրագիրը պէտք է լաւապէս սերտուի, մտածուի եւ քննարկուի՝ պատերազմի աւարտէն առաջ: Հեղինակը կը հիմնաւորէ իր այս տեսակէտը՝ բերելով օրինակները նախորդ փորձերու, ինչպիսիք են Սարայէւօն եւ Պէյրութը: Զեկոյցը կը մատնանշէ որ յետ-պատերազմեան շտապ վերակառուցումը բազմաթիւ ընկերային, տնտեսական եւ ճարտարապետական բարդութիւններ յառաջացուցած է, որոնցմէ վերոյիշեալ երկու քաղաքները ցարդ կը տառապին: Հեղինակը կը քննադատէ նման շտապողական եւ ոչ-խորապէս քննարկուած վերակառուցումը, ուր նախապատուութիւն կը տրուի տնտեսական շահերու, մինչ նախկին բնակչութեան մեծ շերտ կը մնայ դուրս, եւ մինչ շինարարական ընկերութիւնները կը կառուցեն փայլուն, ապակեպատ շէնքեր, անդին նախկին քաղաքաբնակները կը կառուցեն խրճիթներ՝ ու կ'ընդարձակեն քաղաքը: Հեղինակը կը միտի Պէյրութի եւ Սարայէւոյի փորձէն մեկնելով յառաջադրել վերակառուցման տարբեր ծրագիր մը Հալէպէն:
Description
Keywords
Citation
Tokmadjian, A., Reconstructing Aleppo, Armenians in Syria, Conference Proceedings (24-27 May 2015), HU Press, Beirut, 2018, pp. 601-612
Collections