A Brief History of the Khasho Family
Loading...
Date
2018
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Խաշօ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ հայկական ծագում ունեցող այլ ընտանիքներու (Շահին, Թոքաթ, Խուքազ, Թըրք, Խլաթ, Սիքիաս, Մուրատ, Հանունիկ եւն.) անուններուն կը հանդիպինք Սուրիա-Լիբանանի նախաեղեռնեան հայապատումներու մէջ:
Հեղինակը՝ ծնունդը Խաշօ ընտանիքին, կը պեղէ պատմութիւնը իր ընտանիքին, որուն անունը տարածուած էր արդէն նախաեղեռնեան Սուրիա-Լիբանանի մէջ:
Հիմնուելով ընտանեկան նիւթերու, վկայութիւններու բնակավայր-գիւղի տուեեալներու, ընտանիքի այլ անդամներու թէ ընտանիքի երէց բարեկամներու յիշողութիւններուն վրայ, հեղինակը կ'ընէ կարելի համապարփակ պատումը Խաշօ ընտանիքին: Ան կը բաժնէ ընտանիքին պատմութիւնը հինգ հանգրուաններու՝ սկսելով ընտանիքի ծննդոցէն՝ 1750ականներու Ուրֆայի մէջ, ուրկէ ընտանիքի անդամները պահ մը կ'ուղղուին Կիլիկիա, ապա կ'անցնին Ղնեմիէ, ուրկէ կը տարածուին Լաթաքիա եւ այլուր:
Հեղինակը կը մանրամասնէ ընտանիքին դիմագրաւած Եղեռնի մարտահրաւէրները, կը նկարագրէ ընտանիքի տարբեր սերունդներուն ասպարէզային ընդգրկումը, կենսագործունէութիւնը եւ յառաջացուցած փոփոխութիւնը գերդաստանին, անոր ինքնութեան, ընտանեկան պատմութիւնը հասցնելով մինչեւ մեր օրերը:
Description
Keywords
Citation
Khasho, Y. A., A Brief History of the Khasho Family, Armenians of Syria, Conference Proceedings (24-27 May 2015), HU Press, Beirut, 2018, pp. 77-86